Հինգշաբթի օր Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը 2026-ի Մոնտիալին հասնելու փլէյ-օֆի մրցումներուն, որոնք պիտի վճռեն Մոնտիալին մասնակցող մնացեալ 6 խումբերը:
4 անգամ աշխարհի ախոյեան Իտալիա համեմատաբար դիւրին մրցակիցներ ունի` մաս կազմելով առաջին բաժինի խումբերուն:
Եւրոպայի 12 փլէյ-օֆի խումբերը բաժնուած են 4 խմբակներու, ուր խումբեր պիտի մրցին իրար դէմ (7 մրցում) կիսաւարտականի նման, իսկ քանի մը օր ետք յաղթականները պիտի հասնին աւարտական:
Աւարտականին յաղթող խումբը կը տասնի Մոնտիալ:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւնը.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Ա.- Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա
Բ.- Կալես – Պոսնիա
Աւարտականին, Բ. մրցումին յաղթականը պիտի հիւրընկալէ առաջին մրցումին յաղթականը, եւ վերջնական յաղթականը կը հասնի Մոնտիալ:
Բ. ԽՄԲԱԿ
Ա.- Ուքրանիա – Շուէտ
Բ.- Լեհաստան – Ալպանիա
Ա. մրցումին յաղթականը պիտի հիւրընկալէ Բ. մրցումին յաղթականը` աւարտականին:
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ա.- Թուրքիա – Ռումանիա
Բ.- Սլովաքիա – Քոսովօ
Բ. մրցումին յաղթականը կը հիւրընկալէ աւարտականի մրցումը:
Դ. ԽՄԲԱԿ
Ա.- Դանիա – Մակեդոնիա
Բ.- Չեխիա – Իրլանտա
Բ. մրցումին յաղթականը կը հիւրընկալէ աւարտականը:
Միջցամաքամասային փլէյ-օֆի մրցումները տեղի պիտի ունենան նոյն ձեւով, բայց երեքական խումբերով, ուր խումբ մը կը սպասէ կիսաւարտականի յաղթականին` աւարտականին:
Ա. ԽՄԲԱԿ
Նոր Քալետոնիա – Ժամայքա
Քոնկօ կը հիւրընկալէ աւարտականը` յաղթականին դէմ:
Բ. ԽՄԲԱԿ
Պոլիվիա – Սուրինամ
Իրաք կը հիւրընկալէ աւարտականը` յաղթականին դէմ:
Եւրոպայի 4 խմբակներու աւարտականներու յաղթականները, ինչպէս նաեւ միջցամաքամասային երկու խմբակներու վերջնական յաղթանակները պիտի միանան արդէն իսկ իրենց տոմսերը ապահոված 42 խումբերուն:
Նշենք, որ կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 մարտին, իսկ աւարտականները` 31 մարտին:
2026-ի մոնտիալի վիճակաձգութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 դեկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Ուաշինկթընի մէջ:


