Փորթուգալի ազգային խումբի եւ Նասրի (Սէուտական Արաբիա) յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ կ՛ընէ ամէն ինչ նոր սերունդները ոգեշնչելու եւ քաջալերելու համար: Ռոնալտօ ընդգծած է Խիզախութեան, պատասխանատուութեան եւ կայուն խաղաղութեան վրայ հիմնուած ապագայ կառուցելու կարեւորութիւնը:
«Շնորհակալ եմ ձեզմէ, պարոն նախագահ, հրաւէրին, ինչպէս նաեւ այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ դուք եւ առաջին տիկինը արժանացուցիք ինծի եւ իմ ապագայ կնոջ` Ճորճինային: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է իր ներդրումը ունենալ, եւ ես պատրաստ եմ ընելու ամէն ինչ, որ կրնամ` նոր սերունդները ոգեշնչելու, կառուցելու այնպիսի ապագայ, որ հիմնուած կ՛ըլլայ խիզախութեան, պատասխանատուութեան եւ կայուն խաղաղութեան վրայ», ըսաւ Ռոնալտօ:
Նշենք, որ օրեր առաջ Սպիտակ տան մէջ հանդիպեցան աշխարհի երեք ուժային դաշտեր` միջազգային քաղաքականութիւնը, միջազգային տնտեսութիւնը եւ միջազգային ֆութպոլը միասին: Նախագահ Թրամփ հրաւիրած էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը եւ անոր մօտիկ ֆութպոլի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:


