Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ

Նոյեմբեր 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 20 նոյեմբերին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի պաշտպանութիւն բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն:

Ցոյցը կ՛ընթանար` «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», «Դէմ ենք բռնապետութեան», «Հայաստանի իշխանութիւնը ժողովրդավարութեան ու ազատ խօսքի թշնամին է» պաստառներով եւ կարգախօսներով:

Բողոքի ցոյցէն առաջ մեծ թիւով ոստիկաններ բերուած էին դատախազութեան շէնքին մօտ:

«Իրենց խիղճն ու հոգին Նիկոլ Փաշինեանին յանձնած դատախազներու, քննիչներու, դատաւորներու վրայ յոյս չենք դներ, որովհետեւ իրենք ապացուցած են, որ դատաիրաւական համակարգը Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքին մէջ դարձած է բութ գործիք` երկրին մէջ մէկ անձի իշխանութիւն հաստատելու, երկրին մէջ բռնաճնշումներ գործադրելու, կեղծ եւ շինծու մեղադրանքներով մարդոց կալանքի տանելու համար». ցոյցէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, իրենք այն կարծիքին են, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեան կարողանայ ամէն անգամ մարսել հերթական ձերբակալութիւնը, բռնաճնշումը, ինք կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակէ. «Հետեւաբար, այս իշխանութիւններու բռնութիւններուն պէտք է հակազդել ժողովուրդի կամքով: Երկրին մէջ կան 5 տասնեակէ աւելի քաղաքական բանտարկեալներ, որոնք այսօր կը գտնուին անազատութեան մէջ բացառապէս անոր համար, որ ունին սեփական տեսակէտ, կը պայքարին հայկական ինքնութեան համար եւ հաշտ չեն այսօրուան իշխանութեան վարած այս հակահայ քաղաքականութեան հետ»:

Ըստ ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի, «իրաւական ամբողջ համակարգը ուշադրութեան տակ է, եւ շատ քիչ դատաւորներ կան, որոնք պատրաստ են անկախ որոշումներ կայացնելու: Այդ չի նշանակեր, որ պէտք չէ պայքարինք, եւ այս ցոյցն ալ ատոր առհաւատչեան է, որ մեր հասարակութեան տարբեր շերտերէն պէտք է միաւորուին այն մարդիկ, որոնք այս ընթացքին «ծառերու ետեւէն» կը խօսէին անարդարութեան մասին: Սա լաւագոյն առիթն է: Պէտք է ժողովրդական ճնշում ըլլայ, եւ այս իշխանութիւնը հասկնայ, որ ինք պիտի չորոշէ մեր ժողովուրդի ապագան»:

ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ դատախազութեան դիմաց ենք, քանի որ այս մարմինը կը խախտէ մայր օրէնքը` Սահմանադրութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ գլխաւոր դատախազութիւնը այն միակ ու բարձրագոյն մարմինն է, որ պետութեան անունով քրէական հետապնդման բացառիկ լիազօրութեամբ օժտուած է, որով պարտաւոր է հետեւիլ իրականացուող պատիժի եւ հարկադրանքի միջոցներու օրինականութեան», ըսաւ ան:

Դիմելով դատախազներուն` Արծուիկ Մինասեան յորդորեց կատարելու իրենց մասնագիտական պարտականութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը անշեղօրէն կատարելու երդումը:

Ան տեղակացուց, որ իրենք շրջանառութեան մէջ դրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծ, որուն շրջանակին մէջ 26 նոյեմբերին պիտի ըլլան լսումներ: Լսումներուն հրաւիրած են նաեւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որպէսզի անոնց տեղեկացնեն, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Բողոքի ցոյցէն ետք երթը շարժեցաւ դէպի Շենգաւիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան, ուր տեղի կ՛ունենար Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ 18 արդարներու դատավարութիւնը:

Ցոյցին մասնակիցները երթի ընթացքին կը վանկարկէին` ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն:

Նախորդը

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ»

RelatedPosts

Կրոնօ. «Պաքուի Մէջ Հանդիպումներու Ժամանակ  Լսած Եմ Յայտարարութիւններ, Որոնք Կը Տարբերին  Հանրային Տիրոյթի Մէջ Անոնց Խօսքերէն»
Հայկական

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ»

Նոյեմբեր 21, 2025
Թրամփ. «Հաւանական Է, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութիւն Գոյացնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հաւանական Է, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնենք»

Նոյեմբեր 21, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Խաղաղութեան  Առաջարկներ Կը Մշակեն` Հաշուի Առնելով  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դիրքորոշումները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Խաղաղութեան Առաջարկներ Կը Մշակեն` Հաշուի Առնելով Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դիրքորոշումները»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?