Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Խաղաղութեան Առաջարկներ Կը Մշակեն` Հաշուի Առնելով Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դիրքորոշումները»

November 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան վարչակազմը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման համար կը մշակէ առաջարկներ` հաշուի առնելով Մոսկուայի եւ Քիեւի դիրքորոշումները, եւ կը կարծէ, թէ երկու կողմերն ալ պէտք է զիջումներ կատարեն: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:

Ան կը գրէ, թէ լուծումը «կը պահանջէ լուրջ եւ իրատեսական գաղափարներու մանրամասն փոխանակում»:

«Երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլը կը պահանջէ, որ երկու կողմերն ալ համաձայնին դժուար, սակայն անհաժեշտ զիջումներու», աւելցուց ան:

«Ահա թէ ինչու մենք կը մշակենք եւ պիտի շարունակենք մշակել այս պատերազմը դադրեցնելու հաւանական առաջարկներու ցանկ` հիմնուելով երկու կողմերու կարծիքներուն վրայ», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Արեւմտեան լրատուամիջոցները նախապէս, յղում կատարելով աղբիւրներուն, յայտնած էին, թէ Միացեալ Նահանգներ կը մշակեն Ուքրանիոյ տագնապի լուծման նոր ծրագիր եւ այդ հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն Ռուսիոյ հետ:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանութիւն տուաւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան ծրագիրին»:

«Ծրագիրը անցեալ շաբաթներու ընթացքին հանդարտօրէն մշակուեցաւ վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ: Ծրագիրը մշակուեցաւ խորհրդակցելով ռուս պատուիրակ Քիրիլ Տիմիթրիեւի եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու հետ», ըսած է պաշտօնատարը:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին նշած է. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ մասնակցեցան ծրագիրի մշակման»:

«Ծրագիրը կը կեդրոնանայ տեւական խաղաղութեան երաշխաւորման համար երկու կողմերուն անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վրայ», աւելցուցած է ան:

Լաւատեղեակ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներէն ստացած է նոր առաջարկ մը, որ Քիեւէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ռուսիոյ գրաւած հողերէն եւ իր բանակի զինուորներու թիւը նուազեցնել կէսի:

Աղբիւրին համաձայն, առաջարկը կը ներառէ Խրիմը եւ Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած միւս շրջանները ճանչնալ, ինչպէս նաեւ ուքրանական բանակին թիւը նուազեցնել 400 հազար զինուորի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախապէս յայտարարած էր, թէ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնական խողովակներով տեղեկութիւն չէ ստացած Ուքրանիոյ վերաբերեալ լրատուամիջոցներուն մէջ հաղորդուող որոշակի համաձայնութիւններու վերաբերեալ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Ռուսիան դրական տրամադրուած է Ուքրանիոյ մէջ որեւէ կարգաւորման, սակայն պէտք է տագնապին արմատական պատճառները լուծել»:

«Որեւէ պահ լաւագոյնն է խաղաղ լուծման հասնելու, լուծում` խաղաղ, քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով, եւ Ռուսիան դրական տրամադրուած կը մնայ այդպիսի լուծման», նշեց Փեսքով` աւելցնելով. «Ներկայիս խորհրդակցութիւններ չկան: Հաղորդակցութիւնները հաստատօրէն կը շարունակուին»:

«Տեղեակ չեմ ամերիկեան զինուորական պատուիրակներու Ռուսիա այցելութեան որեւէ ծրագիրէ», ըսաւ ան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց. «Մենք կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Սակայն, որպէսզի խաղաղութեան որեւէ ծրագիր արդիւնաւէտ ըլլայ, Ուքրանիան եւ Եւրոպան պէտք է ըլլան ատոր անբաժանելի մասը»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ իր կարգին Պրիւքսելի մէջ արտաքին գործոց խորհուրդի նիստէն առաջ յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսելու որեւէ նախաձեռնութիւն ողջունելի է, սակայն Քիեւը եւ Եւրոպան պէտք է ներգրաւուին:

«Զինադադարի եւ, ըստ էութեան, Ուքրանիոյ մէջ որեւէ հետագայ խաղաղ զարգացման շուրջ բոլոր բանակցութիւնները կրնան քննարկուիլ միայն Ուքրանիոյ հետ», ըսած է ան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Յաջորդը

Թրամփ. «Հաւանական Է, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.