Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-ի Ոչ Անդամ Գլխաւոր Դաշնակից Է»

November 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը: Ասիկա գահաժառանգին 7 տարիէ ի վեր առաջին այցելութիւնն էր Ուաշինկթըն:

Բանակցութիւններու ընթացքին կնքուեցան շարք մը գործարքներ, որոնք կը վերաբերին ապահովական ու տնտեսական բազմազան թղթածրարներու: Անոնք մասնաւորաբար ստորագրեցին ռազմավարական պաշտպանութեան համաձայնութիւն մը, որ պիտի ամրապնդէ իր ռազմարդիւնաբերութիւնը զարգացնելու Ռիատի ջանքերը եւ բարձրացնէ անոր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ համաձայնութիւնը կը նշէ, որ երկու երկիրները ապահովական գործընկերներ են, որոնք կարող են միասնաբար գործել` դիմակայելու համար շրջանային ու միջազգային մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, ինչ որ կ՛ամրապնդէ պաշտպանական երկարատեւ համակարգումը:

Թրամփ Պըն Սալման իշխանը ողջունելով զայն որակեց «բարեկամ եւ հոյակապ տեսլականի տէր մարդ»:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն եւ Ռիատ իրարու հետ պիտի աւելցնեն զինուորական համակարգումը` նկատի ունենալով, որ Ռիատ Ուաշինկթընի գլխաւոր դաշնակից մըն է:

«Սէուտական Արաբիան Կազայի մէջ խաղաղութեան համաձայնութեան մէջ կարեւոր դեր կատարեց: Մենք մօտ ենք Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Սէուտական Արաբիոյ հետ մեծ գործընկերութիւնը երկու երկիրներու շահերը յառաջ պիտի մղէ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ ըսաւ, որ իր վարչակազմը իր ամբողջ ուժով կ՛աշխատի պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ համակեցութիւնը արտօնող տարազի հասնելու` նշելով, որ Ուաշինկթըն բազմաթիւ կողմերու հետ համակարգում կը կատարէ` երկու կողմերուն ձգտումները բաւարարելու համար:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը իր կարգին յայտնեց, որ Ռիատն ու Ուաշինկթընը հասարակաց հոյակապ առիթներու առջեւ կանգնած են` նշելով, որ թագաւորութիւնը տասնամեակներէ ի վեր բոլոր ոլորտներուն մէջ կը գործէ Միացեալ Նահանգներու հետ:

Ան շեշտեց կարեւորութիւնը ամրապնդելու «յստակ հոլովոյթ» մը, որ երկու պետութիւններու լուծումի կը յանգեցնէ` աւելցնելով, որ ինք այս հարցը «շինիչ կերպով» քննարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ` կարելի ամէնէն մօտ ժամանակին շօշափելի արդիւնք արձանագրելու պայմաններու պատրաստման նպատակով:

«Ամերիկայի հետ տնտեսական գործակցութեան հորիզոնները շատ մեծ են», նշեց ան:

Պըն Սալման իշխանը յայտարարեց, որ մտադիր է Միացեալ Նահանգներու մէջ սէուտական ներդրումները բարձրացնել շուրջ եռիլիոն տոլարի:

Սպիտակ տունը երեքշաբթի գիշեր հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան յանձնառու դարձած է ամերիկեան շուրջ 300 «Ապրամզ» հրասայլեր գնելու:

Նախքան այդ Թրամփ յայտարարած էր, որ հաւանութիւն տուած է Սէուտական Արաբիոյ 48 արդիական «Էֆ-35 Լայթնինկ» հալածիչներ ծախելու: Այդպիսով, թագաւորութիւնը կը դառնայ արաբական առաջին պետութիւնը, որ 5-րդ սերունդի այդ օդանաւերէն կը ստանայ:

Նախորդը

Խարազի. «Իրան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններուն Վերսկսելու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.