Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին

Նոյեմբեր 20, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամերիկեան CNN միջազգային լրատուականը հրապարակած է «Աշխարհի 50 լաւագոյն հացեր»ու ցանկը: Ցանկին մէջ ներառուած են աւանդական հացեր բազմաթիւ երկիրներէ` Մալեզիայէն մինչեւ Վենեզուելա, Գերմանիայէն մինչեւ Հնդկաստան, Աֆղանիստանէն մինչեւ Հայաստան:

Վերոյիշեալ լաւագոյն հացերու ցանկին մէջ ներառուած են` հայկական լաւաշը, ֆրանսական պակեթը, հնդկական նաանը, իտալական չիապաթթան, լիբանանեան քաըքը եւ այլն…

Նոյն առիթով նշուած է, որ հացը պարզապէս սնունդ չէ, ան մշակոյթի, պատմութեան եւ ինքնութեան արտացոլացումն է: Իւրաքանչիւր հաց կը պատմէ իր երկրին ու մարդոց կենսակերպին մասին: Սնունդի համար ճամբորդողները կրնան օգտագործել այս ցանկը որպէս ոգեշնչում` իրենց ճամբորդութիւնը ծրագրելու ժամանակ:

Դրոշմաթուղթ`
Նուիրուած Օֆելիա Համբարձումեանի
Ծննդեան 100-Ամեակին

Նոյեմբեր 12-ին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Մեծանուն հայեր Օֆելիա Համբարձումեանի ծննդեան 100-ամեակ» թեմային:

320 դրամ անուանական արժէքով դրոշմաթուղթի մը` վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն երգչուհին առկայ են նաեւ «ՕՖԵԼՅԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄՅԱՆ» եւ «ՀԱՅ ԵՐԳՉՈՒՀԻ» գրառումները` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Համբարձումեանը ճանչցուած է որպէս «Հայրենիքի սոխակը»: Անոր երգացանկը կ՛ընդգրկէր հայ ժողովրդական, գուսանական եւ աշուղական երգեր, որոնց մէջ առաջնային տեղ գրաւեր էին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները:

Աշուղ Աշոտի խոստովանութեամբ, «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուր» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած են յատուկ Օֆելիա Համբարձումեանին համար:

Գուսան Շահէնը նոյնպէս իր «Էլինար» բանաստեղծութիւնը գրած է Օֆելիային համար` ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիին ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ:

Երգչուհին համերգներով հանդէս եկած է արտասահմանեան հայաբնակ երկիրներու մէջ` Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա եւ Մ. Նահանգներ:

Մահացած է 2016-ի յուլիս 13-ին, 91 տարեկանին եւ թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

Կարէն Թորոսեան`
Տարուան Լաւագոյն Խոհարար

Պրիւքսելի «Պոզար» ճաշարանի շեֆ-խոհարար Կարէն Թորոսեան Gault et Millau Belgium-ի կողմէ ճանչցուեցաւ «2025-ի տարուան խոհարար» աւելի քան 2000 խոհարարներու, լրագրողներու եւ գործընկերներու ներկայութեան, 20-ի վրայ 17,5 գնահատական ապահովելով:

Շեֆ-խոհարար Կարէն Թորոսեանի ղեկավարութեամբ գործող «Պոզար» ճաշարանը արդէն իսկ արժանացած է 2 Միշլեն աստղի: Իսկ այս վերջին տիտղոսը, որ յաճախ կը համարուի «Օսքար»-ի խոհարարական համարժէք, կը գնահատէ` հայ խորհարարին վարպետութիւնը, ստեղծագործականութիւնը եւ նուիրուածութիւնը խոհարարական արուեստին:

«Երբ ես երիտասարդ տարիքիս առաջին անգամ ժամանեցի Պելճիքա, հիացումով կը նայէի բոլոր մեծ խոհարարներուն, աստղեր` աչքերուս մէջ: Ինծի համար անոնք անհասանելի էին… ես սկսայ զերոյէն, իսկ Պելճիքայի մէջ հնարաւոր եղաւ քրտնաջան աշխատանքի եւ յամառ կամքի շնորհիւ` հասնիլ գագաթնակէտին», յայտարարած է Թորոսեան:

Մրցանակակիր խոհարարին համար այս պատիւը անհատական յաղթանակ չէ, այլ` համատեղ յաղթանակ: «Տարուան լաւագոյն խոհարար` կը նշանակէ նաեւ տարուան անձնակազմ, տարուան կին եւ տարուան մատակարարներ, քանի որ ես ոչինչ կ՛իրականացնէի, եթէ լաւ շրջապատուած չըլլայի», շեշտած է ան:

Հետաքրքրական

 Օժիտի Տիկնիկի Պատմութիւնը

Ծիսական տիկնիկները մեր մշակոյթի ամենագեղեցիկ եւ խորհրդաւոր նմուշներէն են: Անոնց մէջ ամփոփուած է ժողովուրդին մտածողութիւնը: Ժողովուրդը զանոնք օժտեր է չարը խափանող եւ յաջողութիւն բերող մոգական ուժով: Ընդհանրապէս հայկական ծիսական տիկնիկները պատրաստեր են կիները` օգտագործելով զանազան նիւթեր` փայտ, կտաւ, կաշի, թելեր, կաւ, մետաղ, մազ, խմոր եւ այլն…

Ծիսական տիկնիկի տեսակ են օժիտի տիկնիկները: Անցեալին ամուսնացող աղջիկները տարիքով փոքր կ՛ըլլային, մանկահասակ հարսի օժիտին մէջ սովորութիւն էր օժիտի տիկնիկի առկայութիւնը: Հայրական կողմի տատիկը բոլորէն գաղտնի տիկնիկ մը կը պատրաստէր եւ կը նուիրէր հարսնացուին: Ամբողջ կեանքի ընթացքին հարսնացուն այդ տիկնիկը կը պահէր` որպէս իրեն ամենահարազատ, մօտիկ ընկերուհին: Երբ հարսիկը որեւէ բանէ նեղուէր, իր «Տարտն ու ցաւը» կը պատմէր անոր: Այլ խօսքով, այս տիկնիկը երիտասարդ հարսին միակ զրուցակիցն ու դժուար օրերու ընկերուհին էր:

Հարսիկը տիկնիկը կը պահէր սնտուկի կամ անկողնին ծալքերուն մէջ. ոչ ոք պէտք էր իմանար անոր տեղը: Եթէ այդ տիկնիկը յանկարծ կորսուէր, մեծ դժբախտութիւն կը համարուէր, կորուստը կը վերագրուէր չարերուն…

Սննդագիտական

Որքա՞ն Ջերմուժ Կը Պարունակեն…

Երբ ձեր մօտ քաղցրի պահանջը կ՛ահազանգէ, իմացէք, որ առանց ընկուզեղէնի 1 գաւաթ կաթնապուրը 326 ջերմուժ կը պարունակէ, 1 գաւաթ քասթըրտը` 220, 1 գաւաթ մըղլին` 210, 1 գաւաթ ճելոն` 80,  իսկ 1 գաւաթ «լայթ» ճելոն` 7 ջերմուժ: Ինչի՞ն կու տաք նախապատուութիւնը:

***

Կ՛ըսեն` հացը կը գիրցնէ: Իմացէք, որ պզտիկ չափի արաբական հացի մէկ երեսը 80 ջերմուժ կը պարունակէ, մինչ 1 միջին չափի աւոքատոն` 240 ջերմուժ, բաժակ մը կարմիր գինին` 125, հինգ հատ ընկոյզը` 130, եւ վերջապէս, 2 քառակուսի սեւ տուրմը` 107 ջերմուժ: Ձեզի կը մնայ ընտրութիւնը:

***

Երեկոյեան պատկերասփիւռին առջեւ նստած` հետաքրքրական ժապաւէն մը կամ պասքեթպոլ կը դիտէք եւ հաճելի խորտիկ (snack) մը կ՛երազէք: Իմացէք, որ 100 կ. արեւածաղիկի կուտը 582 ջերմուժ կը պարունակէ եւ յագեցած է իւղերով, մինչդեռ միջակ չափի կանկառ մի միայն 69 ջերմուժ կը պարունակէ եւ հարուստ է բնաթելերով ու հակաօքսիտաններով: Ինչո՞ւ նախապատուութիւնը չտալ խաշած, կիտրոնի հիւթով եւ համեմունքներով պատրաստուած կանկառին:

***

Պտուղի սիրահա՞ր էք, բայց միաժամանակ կը զգուշանա՞ք անոնց պարունակած շաքարէն եւ տեւաբար կը հաշուէ՞ք իւրաքանչիւրին ջերմուժի արժէքը: Իմացէք, որ իւրաքանչիւր 100 կր թարմ ծիրանը կը պարունակէ 50 ջերմուժ, թարմ անանասը` 51, պանանը` 90, կեռասը` 53, ելակը` 36, նուռը` 66, քիուին` 42, նարինջը` 50, կրիֆոնը` 41, խնձորը` 52, մանտարինը` 52 եւ մանկան` 64 ջերմուժ: Կ՛արժէ մտածել:

Խոհագիր

 Կարմիր Ոսպով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ կարմիր ոսպ
2,5 բաժակ ջուր
1 փոքր, մանրուած սոխ
2 պեղճ ճզմուած սխտոր
Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ եւ մանրուած կանաչ սոխ
Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ,
Կէս գաւաթ կսկուծի փոշի
Ձէթ` տապկելու համար

Մածունով թացանին համար

1 գաւաթ մածուն
Կէս գաւաթ քերոցէ անցած վարունգ
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 թէյի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Աղ
Թարմ սամիթ կամ անանուխ

Պատրաստութիւն

Ոսպը խաշել, սպասել, որ քիչ մը պաղի, ապա պատառաքաղով թեթեւակի ճզմել` առանց խիւսի վերածելու:

Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել պաղած ոսպը, աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները: Սպասել 10-15 վայրկեան, որպէսզի խառնուրդը քիչ մը ամրանայ: Ապա զայն ձեւաւորել կլոր ու տափակ տեսքով:

Տապակին մէջ տաքցնել ձէթը եւ տապկել ձեւաւորուած կտորները` մինչեւ ոսկեգոյն եւ խրթխրթան դառնան:

Ընթացքին փոս ամանի մը մէջ լեցնել մածունը, աւելցնել` քերած վարունգը, կիտրոնի հիւթը, ձիթապտուղի ձէթը, ճզմուած սխտորը, սամիթն (կամ անանուխ) ու աղը: Խառնել եւ սառնարանը պահել` մինչեւ մատուցման պահը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ մատուցել խրթխրթան ոսպով նախուտեստն ու մածունով թացանը, զարդարել մանրուած ազատքեղով:

*
*  *

Բառերն Ալ Կը Յոգնին

Բառերն ալ կը յոգնին
Դարերու բեռը շալկած
Բառերն ալ կը մաշին
Յոգնաբեկ թել թել կը թափին

ժամանակի ապերախտ յորձանքին հետ
Կը կորսնցնեն իրենց իմաստն ու փայլը անհետ

Սերունդներու ժառանգն են բառերը
Բիւրաւորներու բերրի բերքն է բառերու բեռը

Բառերն ալ յաճախ կը յոգնին-կը մաշին
Կ՛առանձնանան-կը մոռցուին
Բառարաններու էջերուն կ՛ապաստանին
Հոն կը հանգչին-կը ննջեն
Մինչեւ որ օր մը գրիչ մը զանոնք
Վերստին կեանքի կոչէ

Բառերն ալ կը յոգնին-կը մաշին
Միայն երկու բառ ժամանակին կը դիմադրեն
Միշտ նոր-միշտ ամրապինդ
Մին «յոյս»-ն է-միւսը «սէր»-ը

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

3-11-2025

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Նոյեմբեր 2025)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Թիք-Թոք-ը Կը Վնասէ Երեխաներու Հոգեբանական Առողջութեան
Կնոջական

Թիք-Թոք-ը Կը Վնասէ Երեխաներու Հոգեբանական Առողջութեան

Նոյեմբեր 13, 2025
Հետաքրքրական.  Հայկական Գորգերու Գոյներու Լեզուն
Կնոջական

Հետաքրքրական. Հայկական Գորգերու Գոյներու Լեզուն

Նոյեմբեր 6, 2025
Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ
Կնոջական

Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?