Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

November 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Արմենակ Եղիայեանի շիջումը առիթ հանդիսացաւ շատերուն մտորելու հայերէն լեզուի, յատկապէս արեւմտահայերէնի մթագնող կացութեան մասին: Իր մահը ողբացին նոյնիսկ անոնք, որոնք տարիներով ենթակայ եղած էին իր խարազանումին, իրենց սխալագրութեան համար:

Աշխարհաբարի երկու ճիւղերը կազմաւորուած են շնորհիւ հայ մամուլի բծախնդրութեան եւ գրողներու` բանաստեղծ, արձակագիր ու թատերագիր, կատարելագործած լեզուին: Քերականագէտներու կանոնակարգումները կատարուած են աւելի ուշ, հետեւողութեամբ գրական միջավայրին մէջ գործնականօրէն ստեղծուող ու կատարելագործուող լեզուին: Հայերէն աշխարհաբար լեզուի գիտակ մասնագէտները յաճախ ունեցած են տարակարծութիւններ, վիճած են, երբեմն կրքոտ կռիւներ մղած են, վիրաւորած են իրենց հակառակորդները. արեւմտահայ աշխարհաբարը շարունակած է յղկուիլ, հարստանալ, գեղեցկանալ ու վերածուիլ արտայայտչական կատարելագործուած գործիքի մը: Գիտական ու մշակութային հզօր գործիքի մը:

Ոչ մէկ պաշտօնական կառոյց, ակադեմիա, խորհուրդ կամ հիմնարկ իրաւասու եղած է որոշելու ուղղագրական կամ շարահիւսական վիճելի խնդիրներու ճիշդն ու սխալը: Նման որոշումներ կայացած են բնականաբար, գործածութեամբ, սովորութեամբ, տրամաբանութեան ընձեռած միջոցներով:

Գտնուած են հայերէնին սիրահար յանձնառու մտաւորականներ, որոնք կամաւորապէս լծուած են «թիւրն ու թերին» որոնելու եւ ուղիղն ու կատարեալը ներբողելու առաքելութեան: «Թիւրն ու թերին» ընդհանուր խորագիրն էր Բենիամին Թաշեանի լեզուագիտական յօդուածներուն, որոնք կը մատուցուէին համով ու հոտով` հաճելի ոճով: Արմենակ Եղիայեան վերջինն էր խարազանող լեզուի պահակներու շարքին, որ յատկապէս կը հետեւէր մամուլին ու անխոնջ ջանասիրութեամբ երեւան կը հանէր, կը սրբագրէր սխալներն ու թերիները:

Արմենակ Եղիայեանի կեանքի վերջին տասնամեակները թատերաբեմ հանդիսացան հայկական մամուլի լեզուական նահանջին: Քաղաքական լուրերու խմբագրումը յատկապէս, օտար լեզուներէ թարգմանութեան բերումով, աղճատեց հայերէն լեզուն: Միւս կողմէ, արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը քերականական ու շարահիւսական խորթութիւններ յառաջացուց: Խօսակցական լեզուն եւս զգալի նահանջ արձանագրեց:

Արմենակ Եղիայեանի բծախնդրութիւնը զինք առաջնորդեց բարկացոտ ոստիկանի մը դերին, զայն վերածեց անհանդուրժող ու խստաբարոյ դատախազի: Երբեմն այնքան խիստ, որ կ՛անդրանցնէր պատշաճութեան սահմանները: Հայ լեզուն սրբութիւն էր Արմենակ Եղիայեանի համար. ով կը յանդգնէր չպաշտել զայն, արժանի էր խարազանումի:

Լեզուի բոլոր պաշտպաններուն նման, Արմենակ Եղիայեան եւս ունէր վիճելի նախընտրութիւններ: Ան կը մերժէր ընթացիկ գործածութեամբ նուիրականացած որոշ խօսելաձեւեր, հոլովումներ, բարդութիւններ եւ ածանցումներ: Զիջիլ չէր գիտեր ու կը պնդէր իր տեսակէտին վրայ: Լեզուի զարգացման ընթացքին մէջ երբեմն քերականական կանոնը կու գայ օրինականացնելու գրուածն ու խօսուածը: Սակայն գրուածին ու խօսուածին մէջ այնքան առատացան թերութիւնները, որ իրեն համար պարտադրանքի ուժ ստացան իր սեփական ընտրանքները:

Սփիւռքի երկարաձգումը, որ արդէն մնայուն դառնալու յատկանիշներ ունի, բնականաբար պիտի առաջնորդէ հայերէն լեզուի մաշումին: Տարատեսակ ազդեցութիւնները, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ բծախնդրութեան պակասը, կ՛աղճատեն արեւմտահայերէնը, որ Պոլսոյ արուեստագէտ սերունդէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքեան գրականութեան մօտ յիսնամեայ նուաճումները դարձուցած էին մտածումի եւ զգայնութիւններու արտայայտման եզակի գործիք մը: Ինչպէ՞ս չգայթակղիլ նման կատարելութեան մը աստիճանական նահանջէն: Ոմանց համար այս նահանջը ողբերգութեան մը տարողութիւնը ունի, որովհետեւ տրամաբանելու, մտածելու ու զգացում արտայայտելու միջոցին` լեզուին աղքատացումը ի վերջոյ կրնայ յանգիլ ազգային ինքնութեան կորուստին:

Արմենակ Եղիայեանի խստութիւնը եւ անզիջողութիւնը արդիւնք էին տառապանքի մը, որ արեւմտեան աշխարհաբարի շիջումին հեռանկարէն կը սնանէր: Շիջումը կասեցնելու անմնացորդ ճիգերը պէտք է արդիւնաւորուին: Հայ լեզուի պահակ ոստիկանին ձայնը պէտք է շարունակէ լսելի մնալ ու զգաստութեան հրաւիրել գրիչ բռնողները, ուսուցիչները, խմբագիրները, գրողները: Հայ լեզուն կարիքը ունի պաշտպանի. սեւեռաբիբ պաշտպանը չկայ. նոր պաշտպաններ պէտք է յայտնուին:

 

 

 

Նախորդը

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթիի 14-րդ Յաղթանակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.