Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթիի 14-րդ Յաղթանակը

November 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր տարեշրջանի իր 15-րդ մրցումին 14-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 126-109 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դաշտին վրայ:

Չեթ Հոլմկրեն 26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ ակումբի նոր մրցանիշ ձեռք ձգեց` առաջին մասին 49 կէտեր նշանակելով:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 23 կէտ աւելցուց եւ Լու Տորթ 17 կէտ` ի նպաստ Թանտըրի, որ դիւրին մրցակից մը ունէր: Փելիքընզ «դիւրին» մրցակից դարձած է մանաւանդ առանց Զայըն Ուիլիամսոնի (վիրաւոր), որ 9-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով կը բացակայէր: Փելիքընզ 2 մրցում կրցած է յաղթել իր կատարած 14 մրցումներուն ընթացքին:

Միլուոքի Պաքս լաւ ձեւով սկսելէ ետք Քլիվլենտի դէմ իր մրցումը, պարտութիւն կրեց Քեվելիրզէն 118-106 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ Պաքսի յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ վիրաւորուեցաւ երկրորդ մասի կէսերուն եւ չվերադարձաւ դաշտ: Եաննիս ձախ ծունկի սուր ցաւեր զգալով դուրս եկաւ դաշտէն` 14 կէտ նշանակելէ ետք 13 վայրկեաններու ընթացքին:

Տոնավըն Միչել 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 10-րդ յաղթանակը արձանագրեց 15-րդ մրցումին, մինչ Պաքսի 7-րդ պարտութիւնն էր 15 մրցումներու ընթացքին:

Այս տարեշրջանի ամէնէն կազմակերպուած եւ երիտասարդ խումբերէն մէկը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր 12-րդ յաղթանակը արձանագրեց 127-112 արդիւնքով` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ մրցումին: Միայն 2 պարտութիւններ կրած Տիթրոյիթէն փայլեցաւ Ճէյլըն Տիւրեն, որ 31 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Երկար ժամանակ հեռու մնալէ ետք, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի աստղերէն Փոլ Ճորճ վերադարձաւ եւ 9 կէտերով օգնեց, որ խումբը յաղթէ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Թայրիս Մեքսի 39 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որմէ կը բացակայի վիրաւոր Ժոել Էմպիիտ վերջին երեք մրցումներուն:

Ճէյմս Հարտըն 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ վերջին 9 մրցումներուն 8-րդ պարտութիւնը կրեց: Հարտըն եղաւ 11-րդ մարզիկը, որ կը հասնի 28.000 կէտերու սահմանին:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Միլուոքի Պաքս 118-106
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 127-112
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 110-108
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 115-113
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 110-108
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տալաս Մեւրիքս 120-96
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 109-126
Տենվըր Նակեթց – Շիքակօ Պուլզ 127-130

 

Նախորդը

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.