Ելեւմտական շուկաներու վարչական խորհուրդի նախագահ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ, նշանակեալ անդամ երեք փորձագէտներ Զենա Սամատ Մըհթար, Ղասսան Ապու Ատալ եւ Մահմուտ Ժապահի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիմաց կատարեցին իրենց երդումը` առ ի պատրաստութիւն իրենց աշխատանքի մեկնարկին:
Նախագահը նաեւ Համացանցի եւ հաղորդակցութեան արաբական միութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով իր գնահատանքը արտայայտեց միութեան նախաձեռնութիւններուն համար:
Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի` իբրեւ արհեստական բանականութեան նախագիծերու արաբական օրրան ծրագիրի կեդրոնատեղի ընտրութիւնը:


