Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար Ո՞վ Կրնայ Հակաճառել «Ազգընտիր»-ին…

November 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ազգային ժողովի բեմէն «Ազգընտիր հերոս»-ը դարձեալ յոխորտանքներ սփռած է ընդդիմադիրներու երեսին` յայտարարելով, որ իր քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական քայլերը բարիք բերած են ազգին, մասնաւորաբար` Արցախին:

Եկէ՛ք, առանձնացնենք հաւաստիքներէն գոնէ երկուքը եւ զայն զարնենք ճշմարտութեան փորձաքարին: Մարդուկը կ՛ըսէ, որ իրենք (ըսել կ՛ուզէ ինք եւ ՔՊ-ական իշխանութիւնը) ոչի՛նչ յանձնած են (թշնամիին), իսկ Արցախին իրենցմէ աւելի մեծ նպաստ բերող չէ եղած (պատմութեան մէջ): Պարտքերու կուտակումն ալ հետեւանք չէ իրենց անձնական հաշիւներու ուռճացման:

Սխա՞լ են այս հաւաստիքները: Բնա՛ւ, երբե՛ք: Մի՜ զարմանաք, եթէ պահ մը համաձայն ըլլանք Նիկոլ էֆենտիին հետ:

Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տայ բանիմաց` երկրին տնտեսական, զինական եւ հողային կորուստներու ընդլայնող պատկերները տեսնող ընթերցողս: Ուրեմն մտնենք «Արցախին օգուտ բերող»-ի մաշկին մէջ:

Կա՞յ մէկը, որ Նիկոլի ՔՊ-ականներէն աւելի օգուտ բերած է Արցախին ու արցախցիներուն` Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելով (մաս առ մաս), Արցախը ամբողջովին հայաթափելով ու Հայաստան ապաստանած գաղթականները անտանելի վիճակներու մատնելով:

Կա՞յ մէկը, որ իրենց չափ հող յանձնած է, ո՛չ միայն Արցախի հողերը, այլեւ Հայաստանի սահմանային գօտիները (եւ ցանկի վրայ է նման բարիքներու շարք մը):

Կա՞յ մէկը, որ Հայաստանի շրջափակման օղակը վերցուցած է եւ երթեւեկի ազատութիւն ապահոված, օրինակ` Գորիս-Կապան ճամբուն պատմութիւնը:

Կա՞յ մէկը, որ բանակին ողնասիւնը խախտած է, զայն նահանջի մատնած` բարոյապէս ու կարողականութիւններու իմաստով:

Կա՞յ մէկը, որ երկրի պարտքը նոր բարձունքներու հասցուցած է, եւ հիմա կը յոխորտայ, թէ պատճառը զէնքի գնումներն են (մի՛ հարցնէք, թէ ո՛ւր են զէնքերը եւ որո՞ւ դէմ պիտի գործածուին… խաղաղասէրներուն կողմէ):

Կա՞յ մէկը, որ ՔՊ-ականներու չափ բարիք ըրած է վաղարշապատցիներուն, գիւմրեցիներուն, կը խոստանայ այդ բարիքները շարունակել մէկուն քաղաքապետը բանտարկելով, իսկ միւսին ընտրութիւններուն միջամտելով:

Կա՞յ… կա՞յ… կա՞յ…

Վերի հարցումներուն պատասխանները յստակ են. նիկոլականներու չափ օգուտ բերող չէ եղած… Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի:

Երբ կը մտածես թուրքի պէս, երբ կը գործես ազերիի պէս, երբ ծրագիրներդ ու քայլերդ կը պարեն թրքական երաժշտութեան կշռոյթով(*), ալ ինչպէ՞ս կարելի է հակաճառել բարիք բերող «ազգընտիր»-ին:

13 նոյեմբեր 2025

(*) Անգլերէն ծանօթ խօսք մը կայ, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնը հետեւեալն է. «Եթէ կը քալես բադի պէս, կը ձայնես բադի պէս, ուրեմն բադ ես»: (Չենք գիտեր, թէ խօսքին շարունակութեան մէջ արդեօք… հաւկիթ ածելու բաժին կա՞յ…)

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանան Կը Կանգնի, Իսկ Հայաստան Կը Խոնարհի…

Յաջորդը

Մշակոյթը Որպէս Ընկերային Ենթակառուցուածք. Արդ Եւս 2025-2026. Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութիւններ Արեւմտահայերէնով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.