Շաբաթ, 15 նոյեմբերին Հայաստանի շարժապատկերի գործիչներու միութեան տան մէջ (Կինոյի տուն) տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 35-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցական ընկերներ, երիտասարդներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով, հնչեց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգը:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակը:
Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ:
Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 35-ամեակին նուիրուած տեսանիւթ:


