Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները աշխուժ կերպով կը բանակցին Ուքրանիոյ տագնապի լուծման շուրջ` հիմնուելով Ալասքայի մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն վրայ, որոնք Մոսկուայի կարծիքով Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ լուծման իրագործման լաւ ուղի են»:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպում ունենալ համաձայնելու պարագային վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ շարք մը թեքնիք դժուարութիւններ անկարեւոր պիտի դառնան», նշեց ան:
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ շուրջ կը հնչեն բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ եւ նշաններ, որոնց մէկ մասը Մոսկուան կը հաւնի, իսկ միւս մասը` ոչ, սակայն ամէն ինչի հիմքը Էնքըրէյճն է», աւելցուց Ուշաքով:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս չյայտարարեցին, թէ Ալասքայի համաձայնութիւնները «դադրած են ի զօրու ըլլալէ»:


