Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ փոխանցման նախագահ Ահմետ Շարհ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Դամասկոսի հարաւը գտնուող շրջանին մէջ ապազինումը դժուար գործադրելի է»` նշելով, որ այդ քայլը կրնայ ապահովական նոր իրարանցման դուռ բանալ եւ շրջանը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը հարցականի տակ առնել:

«Եթէ այդ ապազինեալ շրջանը իբրեւ Իսրայէլը հարուածելու մեկնարկի վայր օգտագործուի, ո՞վ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ», հարց տուաւ Սուրիոյ նախագահը` նշելով. «Ի վերջոյ այս հողը սուրիական է, եւ Սուրիան պէտք է իր հողերուն վրայ գործելու իրաւունք ունենայ»:

«Իսրայէլ Կոլանը բռնագրաւեց ինքզինք պաշտպանելու պատրուակով, եւ այսօր հարաւային Սուրիոյ մէջ իր պայմանները կը պարտադրէ Կոլանը պաշտպանելու պատրուակով: Տարիներ ետք, թերեւս կեդրոնական Սուրիան գրաւէ հարաւը պաշտպանելու պատրուակով, եւ այս տրամաբանութեամբ, վերջաւորութեան Միւնիխ կրնանք հասնիլ», ըսաւ Շարհ:

«Իսրայէլի Սուրիոյ մէջ արձանագրած յառաջխաղացքը անոր ապահովական մտավախութիւններէն չի բխիր, այլ ծաւալապաշտական ախորժակներէն», յայտնեց Սուրիոյ նախագահը` շեշտելով, որ Թել Աւիւի հետ Դամասկոս ուղղակի բանակցութիւններ կը վարէ, սակայն վերջինս պէտք է դէպի 8 հոկտեմբերի սահմաններ նահանջէ, որպէսզի այդ թղթածրարին մէջ յառաջընթաց արձանագրուի:

Անդրադառնալով ամերիկեան դերակատարութեան` Շարհ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները այս բանակցութիւններուն մէջ մեզի հետ են, եւ միջազգային շարք մը կողմեր այս առումով մեր տեսակէտին կը զօրակցին: Այսօր տեսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս մեր տեսակէտին կը զօրակցի, եւ այս հարցի լուծման կարելի եղածին չափ շուտ հասնելու համար մղում պիտի կատարէ»:

Ինչ կը վերաբերի Դամասկոսի կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կազմաւորումին միջեւ վերջինիս անդամներուն սուրիական բանակին համարկման շուրջ բանակցութիւններուն ան ըսաւ, որ Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերը պէտք է համարկման հոլովոյթին վերահսկեն` նկատի ունենալով, որ այս լուծումը երկրին միասնականութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման լաւագոյն քայլն է:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն` Շարհ նշեց, թէ Սուրիան Ռուսիոյ հետ հասարակաց շահեր ունի:

Ան նշեց, որ Դամասկոս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ շարք մը կարեւոր թղթածրարներու առնչութեամբ Մոսկուայի աջակցութեան կը կարօտի:

 

Նախորդը

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Յաջորդը

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ  Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ  Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են
Միջազգային

Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?