ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը։ Երեսուն տարիներ շարունակ ան իր անձին, խօսքին եւ հաւատքին ուժով եղած է ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ հովիւը, այլ նաեւ գաղափարի, արժէքի եւ դիմադրող ոգիի կրողը։
Արամ Ա. վեհափառը մնայուն կերպով արթուն պահեց մեր հաւաքական միտքն ու պատասխանատուութիւնը՝ վեր հանելով այն հարցերն ու պահանջները, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ ամբողջ հայութեան ու մարդկութեան։
Թէեւ այս յօդուածը հայերէն եւ արաբերէն հրատարակուած է 2017-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ բացման արարողութեան՝ վեհափառ հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան առիթով, սակայն անոր մէջ ամփոփուած դիտարկումները եւ զգացումները այսօր ալ կը պահեն իրենց թարմութիւնը, արդիականութիւնն ու խորքէն եկող ճշմարտութիւնը։ Արամ Ա. վեհափառին մասին այստեղ գրուած տողերը կը շարունակեն արտայայտել նոյն հիացմունքն ու յարգանքը, որոնցմով կը դիտուի անոր անձը՝ իբրեւ հաւատքի, բանականութեան եւ բարենորոգման կենդանի խորհրդանիշ։
Բախտաւոր առիթներ ունեցայ հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ Անթիլիասի մէջ եւ այլուր։ Ամէն անգամ աւելի կը հիանայի իր գաղափարներով եւ անհատականութեամբ. ի դէպ, իր մէջ կը տեսնէի մարդկային յատկանիշեր եւ համեստութիւն՝ հակառակ իր վեհութեան։ Չուզեցի միջամտել իր խօսքին, քանի որ աւելի արժէքաւոր ու բովանդակալից նկատեցի զինք լսել։
2017-ի սկիզբը վեհափառը տարին կոչեց «Վերանորոգման տարի»՝ ըստ տարեկան սովորութեան, ինչպէս որ 2016-ը կոչած էր «Ծառայութեան տարի»։ Այսպէս, տարիներէ ի վեր վեհափառը լուսարձակի տակ կ՚առնէ գաղափար մը կամ նպատակ մը, որ օգտակար կը դառնայ ժողովուրդներու կեանքին։ Ան հրապարակեց խորիմաստ յայտարարութիւն մը, որ լի էր մարդկութեան համար իմաստալից եւ օգտաշատ գաղափարներով՝ արժանի անդրադարձի։ Ան իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձաւ նաեւ համամարդկային հարցերու, որոնք կը դպչին ժողովուրդներու եւ անհատներու կեանքին, եւ ես արժանի նկատեցի կարգ մը կէտեր ներկայացնել արաբ ընթերցողին։
Յայտարարութիւնը շեշտեց վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը կեանքի բոլոր նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր ոլորտներուն մէջ՝ հաստատելով, որ այդ Աստուծոյ կամքն է։ Ան է, որ ստեղծեց տիեզերքը, ստեղծեց մարդը՝ իբրեւ անոր պահապան եւ հովիւ։
Կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պէտք ունի շարունակական վերանորոգման, քանի որ հակառակ պարագային իւրաքանչիւր էակ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, գոյութեան իմաստն ու նպատակը։ Այս է, որ կը հաստատեն բոլոր կրօնները եւ փիլիսոփայական ուսմունքները։ Վերանորոգումը շարժիչ ուժն է՝ մնայուն մղիչ ուժը զարգացումի։ Այս իսկ պատճառով էր, որ 2017-ն ընտրուեցաւ իբրեւ «Վերանորոգման տարի»։
Յայտարարութիւնը ընդգրկեց շատ գաղափարներ, որոնցմէ մէկն էր՝ «կղզիացումը՝ յետադիմական գաղափարներու ետին»։ Ան կը շեշտէր անհրաժեշտութիւնը պահելու կրօնական ու ազգային արժէքները եւ առաքինութիւնները։ Վեհափառը կոչ ըրաւ մարդուն՝ սկսելու վերանորոգումը ինքն իրմէ, որովհետեւ ան ծանրաբեռնուած է հոգերով ու դարու սահմանափակումներով։ Այս պատճառով մարդը կը դառնայ օտար իր անձին նկատմամբ եւ կը կորսնցնէ առիթը՝ առանձնանալու ու ինքն իր մասին խորհելու։ Ահա թէ ինչպէ՛ս կը խաթարուի Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան օրինակը։
Ան մէջբերում կատարեց ֆրանսացի մեծ մտաւորական, «Այս անորոշ մարդը» («L’Homme, cet inconnu») գրքի հեղինակ դոկտ. Ալեքսիս Քարելէն, ուր կը շեշտուի, թէ մարդը՝ առանց Աստուած ճանչնալու, չի կրնար հասկնալ իր իսկ գոյութեան իմաստը։ Վերանորոգումը կը սկսի ինքնաճանաչութենէն՝ իբրեւ քայլ մը դէպի Աստուծոյ հրաւէրը։
Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհիկ հարցերու, ինչպէս՝ բնապահպանութեան։ Ան կոչ ուղղեց պահպանելու բնութիւնը, որովհետեւ ան աստուածային պատուէր մըն է։ Ան աւելցուց, որ վերանորոգումը պարզապէս կորուսեալը վերականգնել կամ սխալը ուղղել չէ, այլ ճիգ մըն է՝ անցնելու լաւէն աւելի լաւին։
Մեր անձնական կեանքի ներկայի պայմանները, մեր գործերն ու միջոցները պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, անցնիլ հինէն նորին՝ իրապաշտ ու իրազեկ հայեացքով, եւ ուղղուիլ ներկայէն ապագայ՝ բարենորոգիչ համոզումով։ Ան կը շեշտէ նաեւ ինքնաքննութեան, ինքնասրբագրութեան եւ հաշուետուութեան կարեւորութիւնը՝ այս բոլորը դարձնելով կեանքի ուղեցոյց։
Իր յայտարարութեան աւարտին վեհափառը խօսքը ուղղեց հայ ժողովուրդին, որ աշխարհին մաս կը կազմէ՝ կոչ ուղղելով անոր պահպանելու իր մարդկային եւ կրօնական առաքինութիւնները, առաջնորդուելով մեր ազգային առաջնահերթութիւններով եւ արժէքներով։
Վեհափառ հայրապետը վերանորոգման ուղին կը շարունակէ մինչեւ այսօր՝ ամէն տարի նորոգուելու նոր խորագիր մը ճշդելով եւ իր առօրեայ ծառայութեան ընթացքին վերանորոգ թափով նոր ծրագիրներ առաջ մղելով, Պէյրութէն Ամերիկա եւ այլուր։ Այս օրերուն կ՚աւարտէ իր հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ՝ նոր եռանդով եւ աշխուժութեամբ համակելով թեմի զաւակները։
ՔՈՒԷՅԹ


