Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին. Իսրայէլ Լիբանանեան Բանակէն Պահանջեց Աշխուժացնել Հըզպալլայի Զէնքերու Որոնումը

November 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցի երեք պաշտօնատարներ եւ իսրայէլացի երկու պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Իսրայէլ լիբանանեան բանակին վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինաթափման գործադրութեան մէջ աւելի խիստ ըլլայ` հարաւային Լիբանանի մէջ անոր սեփական կալուածները խուզարկելու ճամբով:

Անոնք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այս առաջարկը վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին ներկայացուած է, եւ լիբանանեան բանակը զայն մերժած է` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ քաղաքացիական տագնապի բռնկման կրնայ յանգեցնել եւ խոչընդոտել զինաթափման ռազմավարութիւնը, որ բանակը կը նկատէ զգուշ, սակայն ազդու:

Լիբանանեան բանակը վստահութիւն յայտնած է, որ կրնայ 2025 թուականի աւարտին հարաւային Լիբանանը ապազինեալ յայտարարել, ինչ որ համահունչ է զինադադարի համաձայնութեան, որ վերջ տուաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ անցեալ տարուան քանդիչ պատերազմին:

Լիբանանեան բանակին գործողութիւններէն  լաւատեղեակ լիբանանեան երկու աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ հովիտներու եւ անտառներու խուզարկութիւնը յանգեցուցած է աւելի քան 50 փապուղիներու յայտնաբերման եւ աւելի քան 50 կառավարուող հրթիռներու եւ այլ զէնքերու գրաւման:

Սակայն լիբանանցի ապահովական պաշտօնատարները ըսին, թէ բանակի ծրագիրը բնաւ չէ ներառած սեփական կալուածներու խուզարկումը:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Իսրայէլ կը կասկածի, թէ ծրագիրը կրնայ յաջողիլ առանց այդ քայլերու գործադրման:

 

 

 

Նախորդը

Երկուշաբթի Յառաջացած Հրդեհը Տարածուեցաւ Դէպի Պքասինի Անտառ

Յաջորդը

Ամմար. «Մեր Դիմադրութենէն Պիտի Չհրաժարինք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.