
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց յայտնեց, որ շրջանին մէջ անկայունութեան եւ «մօտիկ ու հեռաւոր ճակատներէ Իսրայէլը հարուածելու թշնամիներու ջանքերուն» պատճառով իսրայէլեան բանակի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն աճիլ:
Կանց զինուորական ակադեմիային մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «բացառուած չէ, որ այս երկրին մէջ ազատ ապրելու մեր իրաւունքին համար ստիպուինք պատերազմելու համար ամբողջ ժողովուրդի ուժը զինուորագրել` ճիշդ ինչպէս 1948-ին ըրինք»:


