Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԱՇՐԱ». «Սուրիական Ֆլիթա գիւղի բացատին մէջ Հայաթ Թահրիր Շամի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ բախումներու պատճառով լիբանանեան բանակը ամրապնդեց լիբանանեան Արսալ գիւղի բացատին մէջ իր ներկայութիւնը, եւ անոր հետախուզական օդանաւերը սկսան շրջանին վերեւ թռիչքներ գործել` զինեալներու Լիբանան մուտքը արգիլելու համար»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացի թշնամին յառաջիկայ ամսուան սկիզբը պայմանաժամի աւարտէն ետք որեւէ կարմիր գիծ պիտի չյարգէ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան կը գտնուի մասնաւորաբար ամերիկեան կողմէն աննախադէպ ճնշումներու փուլի մը մէջ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, զարմանալի է, մանաւանդ հետախուզական զեկուցումներու լոյսին տակ, որոնք կը հաստատեն, որ Հըզպալլան տակաւին իր գործունէութիւնը շարունակելու կարողութիւնը ունի»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան կացութեան հովանաւոր երկիրները կը կեդրոնանան երկու հարցերու վրայ. առաջին` հակառակ դիրքորոշման դժուարութեան Իսրայէլի հետ բանակցութեան դիմելու ուղղութեամբ ճնշում բանեցնելուն, իսկ երկրորդը իսրայէլեան օդային յարձակումներուն զուգահեռ Հըզպալլայի դէմ տնտեսական պատերազմն է»:

. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եգիպտական հետախուզութեան տնօրէն Հասան Ռաշատ կրնայ մօտ օրէն վերադառնալ Պէյրութ` մագլցումէն խուսափելու գործընթացին աջակցելու նպատակով յաւելեալ խորհրդակցութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ կատարելու համար»:

. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ նկատմամբ նախագահ Աունի դիրքորոշման հետեւողներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Որոշումը տկար դիրքէ չէ տրուած, այլ` իրերայաջորդ քայքայումներէն թելադրուած քաղաքական իրատեսութեան: Անիկա յարաբերութիւններու բնականոնացում չէ, այլ պետութեան որոշումի եւ գերիշխանութեան իրաւունքի վերատիրացում»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի երէկ ամերիկեան պատուիրակութեան առջեւ բանակցութեան հարցը կրկնելն ու զայն ընտրանք նկատելը կը նշանակէ, թէ այդ ուղղուածութենէն ետդարձ չկայ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Իսրայէլ բանակցութիւնները լուրջի պիտի չառնէ, եթէ Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ տեղի ունենայ, եւ լիբանանեան կողմին պիտի հարցնէ. «Դուք կարո՞ղ էք համաձայնուածը գործադրելու»:

. ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ. «Կը զօրակցինք լիբանանեան պետութեան որդեգրելիք որեւէ դիրքորոշումի, ըլլայ այդ բանակցութեան ձեռնարկելու կամ ոչ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իրանի եւ այլ պետութիւններու կողմէ Հըզպալլայի ֆինանսաւորման միջոցներն ու կարելիութիւնները խափանելու համար անցնող տարիներուն ընթացքին որդեգրուած բոլոր սահմանափակումներէն ու քայլերէն ետք, կուսակցութիւնը յաջողեցաւ իր ֆինանսաւորման համար նոր կարելիութիւններ եւ գործիքակազմեր ապահովել»:

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ներդրումային Ծրագիրներու Քննարկում

Յաջորդը

Ժեմայել. «Լիբանանի Սահմանադրութեան Նախաբանին Մէջ Չէզոքութիւնը Ներառելու Սահմանադրական Փոփոխութեան Առաջարկի Ներկայացումը Կը Յայտարարենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.