Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Վնասել Պետութեան Ղեկավարման Մէջ Մեր Գործընկերութեան, Ներկայութեան Եւ Դերին»

November 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Ներկայ փուլին մեր դիմաց կը գտնուին մարտահրաւէրներ, զորս կարելի է ամփոփել երեք վերնագիրներու տակ` իսրայէլեան յարձակումները, վերաշինութիւնն ու ներքին կացութիւնը»:

«Այսօր Լիբանան կը դրուի երկընտրանքի դիմաց` կա՛մ կռիւը, պատերազմը եւ թիրախաւորումներու շարունակումը, կա՛մ անձնատուութիւնը, եւ թէեւ պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն մեր հաւատարիմ եւ ազնիւ ժողովուրդը որեւէ պարագայի չի կրնար ընդունիլ անձնատուութիւնն ու ենթակայութիւնը թշնամիին», ըսաւ ան:

«Լիբանանի ներքին բեմին վրայ կարծող կայ, թէ իսրայէլացի թշնամին իր յարձակումներով իրեն կ՛օգնէ իր սեփական օրակարգը գործադրելու, կամ կը կարծէ, թէ այս թշնամին իր ծառայութեան տակ եւ ներքին հաշիւներուն համար կը գործէ, ուստի գրաւը կը դնէ այս մաշեցման վրայ եւ կը փորձէ մեր արիւնը շահարկել ներքին բեմի վրայ ազդեցութեան, վերահսկողութեան, տիրակալութեան ու մենատիրութեան համար:

«Ասոնք տակաւին չեն սորված, թէ թշնամին, որ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն համար կը գործէ, ինքն է, որ կարգ մը ձայները եւ ներքին կարգ մը քայլերն ու հրահրումները կ՛օգտագործէ իր ծրագիրները գործադրելու համար, եւ երբ զանոնք գործադրէ, կը լքէ իր գործակալները, եւ Լիբանանի մէջ անցեալի փորձառութիւնները ատոր լաւագոյն ապացոյցն են», յայտնեց երեսփոխանը:

«Այսօր ոմանք կ՛ըսեն, թէ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պետութեան ձեռքն է, սակայն այս պետութիւնը ե՞րբ որոշում տուաւ ոչ թէ պատերազմի, այլ այս թշնամիէն պաշտպանելու, եւ ոեւէ մէկը անոր արգելք կանգնա՞ծ է: Մենք կը մերժենք, որ Լիբանանի մէջ այս թշնամիին անձնատուութեան որոշում ըլլայ:

«Պահանջուածը այն է, որ այս կառավարութիւնը չբաւարարուի այլեւս անիմաստ կարգախօսներ կրկնելով, այլ յանձնառու դառնայ իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ գրածին, որ կ՛ամփոփուի գերիշխանութեան պաշտպանութեամբ, յարձակողի զսպումով, վերաշինութեամբ եւ գերիներու ազատ արձակումով: Այս կէտերը թուղթի վրայ մնացին: Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ երկրին գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը չթիրախաւորող, այլ լիբանանցի ժողովուրդի մէկ մեծ հատուածին դէմ ուղղուած միայն մէկ նախադասութիւն գտան», նշեց Ֆատլալլա:

«Չենք ուզեր, որ խնդիրը ներլիբանանեան ըլլայ, սակայն ներքին բեմին մէջ ոմանք կը պնդեն, որ խնդիրը լիբանանցիներուն միջեւ ըլլայ», ըսաւ ան:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք վնասել պետութեան ղեկավարման մէջ մեր գործընկերութեան, ներկայութեան եւ դերին», յայտարարեց Ֆատլալլա:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.