Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը

November 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ունիոն Պերլին իր պատմութեան առաջին պաշտօնական յաղթանակը պիտի արձանագրէր Պայերն Միւնիխի վրայ, բայց Պայերն կրցաւ հաւասարիլ վերջին վայրկեաններուն:

Արդարեւ, Պայերն 16 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, շատ հաւանաբար յոգնած իր նախկին մրցումէն, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 10 մարզիկներով յաղթանակ արձանագրեց, միայն 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ վերադարձաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինէն:

Պայերն բաւական բախտաւոր էր, երբ 10-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք օֆսայտի չնչին խախտում նկատած էր «ՎԱՐ»:

Բայց 27-րդ վայրկեանին Պայերնի պատմական բերդապահ: Մանուէլ Նոյըրի հազուադէպ սխալէն ետք Տուխի նշանակեց Ունիոնի առաջին կոլը, երբ Նոյըր զսպելէ ետք գնդակը կորսնցուց զայն, որ ձեռքէն սահելով մուտք գործեց բերդին մէջ:

38-րդ վայրկեանին Լուիս Տիաս սահելով գնդակը պահեց դաշտի սահմաններուն մէջ, եւ շատ նեղ անկիւնէ մը սքանչելի կոլ մը նշանակեց:

Բ. կիսախաղին Պայերն մասնաւոր առիթ չստեղծեց առաջին կէս ժամուն, բայց կը տիրապետէր, երբ նոյնինքն Տուխի օգտուելով Հերի Քէյնի գլխու սխալ հարուածէն նշանակեց Ունիոնի 2-րդ կոլը` 83-րդ վայրկեանին:

Սակայն Քէյն 93-րդ վայրկեանին այս անգամ գլխու ճիշդ հարուածով նշանակեց Պայերնի հաւասարութեան կոլը` պատճառ դառնալով, որ Պայերն 6 կէտերով հեռանայ Բ. դիրքը գրաւող Լայփցիկէն:

Լայփցիկ լաւ ձեւով սկսելէ ետք Հոֆենհայմի դէմ իր մրցումը, Սինշայմի մէջ 3 կոլ ստացաւ Հոֆենհայմէն, որ իր համակիրները գոհ պահեց արձանագրելով 4-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Լայփցիկ, որ մէկ մրցում պարտուած էր մինչեւ Հոֆենհայմի դէմ ճակատումը, վատ մրցում չունեցաւ, բայց պարզապէս մրցակիցը առիթները աւելի օգտագործեց եւ օգտուեցաւ համակիրներուն քաջալերանքէն:

Պորուսիա Տորթմունտ մեկնած էր Համպուրկի դաշտը եւ կը յուսար գրաւել 2-րդ դիրքը, սակայն 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 64-րդ վայրկեանին, «ցաւալի» կոլ մը ստացաւ 97-րդ վայրկեանին` կանացի Ռենսֆորտ Քոնիկստորֆըրէն կորսնցնելով ոսկի 2 կէտեր:

Պայերն Լեւերքուզըն 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց վերջին դիրքը գրաւող Հայտընհայմը:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչի 6-րդ Թրիփըլ-Տապըլը. Քլիվլենտ 12 Յաջորդական Կէտերով Աւարտեց Շիքակոյի Դէմ Յաղթանակը (122-128)

Յաջորդը

Ֆինն Կերակուսեան Վերադարձաւ Սանտըրլենտի Երիտասարդներու Խումբ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.