Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

November 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ ընդունած է Սէուտական Արաբիոյ Խորհրդատուական խորհուրդի Հայաստան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական խումբի ղեկավար Ալի Պըն Մոհամետ Շահրանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահ Խաչատուրեան ողջունած է պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` ընդգծելով, որ հակառակ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու համեմատաբար կարճ պատմութեան, Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ձեւաւորուած է աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն եւ բարձրաստիճան շփումներու եռանդուն զարգացում, ինչ որ կը նպաստէ փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման:

«Ընդամէնը երկու տարի առաջ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած ենք: Սակայն պէտք է արձանագրել, որ այս երկու տարիներուն բաւական աշխուժ աշխատանք տարուած է, եւ ձեր գլխաւորած պատուիրակութեան այսօրուան այցելութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ երկու երկիրները իսկապէս կը ձգտին ստեղծել պայմաններ` առկայ համագործակցութիւնը աւելի աշխուժ դարձնելու համար», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Հայաստան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական խումբի ղեկավարը շնորհակալութիւն  յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` մասնաւորապէս նշելով. «Ինծի եւ իմ գործընկերներուս համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ Ձեզի հետ: Մենք ամէնէն ջերմ ընդունելութեան արժանացած ենք այստեղ: Ինչպէս նշեցիք, հակառակ անոր որ ընդամէնը երկու տարի անցած է մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատումէն, մենք արդէն իսկ կը տեսնենք որոշակի նախանշաններ, որոնք կը վկայեն յարաբերութիւններու դրական զարգացման մասին»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Նախագահ Խաչատուրեան կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործընթացը` ընդգծելով, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու կառուցողական քայլերը այդ ուղղութեամբ:

Պատուիրակութեան ղեկավար Ալի Պըն Մոհամետ Շահրանի իր կարգին նշած է, որ Սէուտական Արաբիան կ՛ողջունէ Հայաստանի կողմէ շրջանային խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերը եւ պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացին` երկխօսութեան ու համագործակցութեան միջոցով:

Կողմերը կարեւոր նկատած են Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ գործարար կապերու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ բարձր արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, մարմնակրթութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն, Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.