ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ջնջեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
Նշենք, որ Շարհ երկուշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ ջնջեց Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ մտադիր է ամրապնդել Սուրիոյ մէջ վերաշինութիւնը եւ երկար ժամկէտի վրայ կայունութիւնն ու տնտեսական բարգաւաճումը:
Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ կը ջնջէ Ահմետ Շարհի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:


