Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

November 8, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւուած դժուարութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կարօ Յարութիւնեանի, ուրբաթ, 7 նոյեմբեր 2025-ին այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի եւ կառոյցի այլ պատասխանատուներու հետ:

Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէն Ժանին Մանանեանի եւ պաշտօնէութեան հետ:

Զոյգ այցելութիւններուն, Պալապանեան կարեւորութեամբ ընդգծեց հայկական կրթօճախներու հսկայ դերակատարութիւնը հայկական դիմագիծի պահպանման մէջ: Ան յայտնեց, որ այս այցելութիւններուն նպատակն է մնայուն կամուրջ մը ստեղծել հայկական կառոյցներուն միջեւ, որպէսզի հակառակ երկրի բոլոր դժուարութիւններուն, միասնաբար գործակցելով կարողանանք զանոնք յաղթահարել:

Տնօրէնները իրենց կարգին բարձր գնահատեցին նախաձեռնութիւնը: Անոնք կարեւոր նկատեցին գործակցութեան առիթները զարգացնելու աշխատանքները, որպէսզի կարելի դառնայ միասնաբար դիմագրաւել հայկական կառոյցներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Պատուիրակութիւնը նաեւ շրջեցաւ դպրոցներուն մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու հետ, լսելով անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները:

Յատկանշական էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նորակառոյց «Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին մէջ շրջագայութիւնը: Պէտք է նշել, որ այս մանկամսուրը կը գործէ երեք բաժանմունքներով եւ ապահովուած է եւրոպական մակարդակի բոլոր առաւելութիւններով:

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի «Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամպիոն»-ին

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ռուսական Կողմը Պատրաստ Է Շարունակելու Ազրպէյճանցի Եւ Հայ Գործընկերներուն Համապարփակ Օգնութիւն Ցուցաբերել Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.