Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց հինգշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի` հարաւային Լիբանանի վրայ շղթայազերծած օդային «վայրագ» յարձակումները:
Նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց «Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն լիբանանեան օրինական Դիմադրութեան եւ իր գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւն պահպանելու այդ երկրին ջանքերուն»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց «սիոնական բռնագրաւումին պատերազմներ հրահրող քաղաքականութեան դիմակայման, զայն հաշուետուութեան ենթարկելու եւ պատժելու ՄԱԿ-ի, միջազգային ընտանիքի եւ շրջանի պետութիւններու պատասխանատուութիւնը»:


