Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

November 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան նախապատմութիւն ունի: Երկու տարի առաջ ճիշդ է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւն կայացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, սակայն անկէ առաջ արձանագրուած իրադարձութիւնները որոշիչ էին այս մեկնարկին համար:

Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիան չէր ճանչցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը. որեւէ կապ չէր հաստատուած Ռիատի եւ Երեւանի միջեւ. եւ ասիկա ունէր իր քաղաքական բացատրութիւնները անշուշտ: Սէուտական Արաբիան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ կը խորացնէր իր համագործակցութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ:

Պէտք էր սպասել մինչեւ 2023, որպէսզի կայանար դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւնը: Մինչ այդ արձանագրուեցան որոշ շարժառիթներ, որոնք նախանշեցին ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, այլ նաեւ սէուտական պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան: Փաստօրէն կ՛արձանագրուէր անցում յարաբերութիւններու խորհրդանշական բնոյթէն դէպի գործնական հարթութիւն:

Շուրջ եօթը տարի առաջ Լիբանանի մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը յանկարծակի այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Մինչ այդ համայնքին կտրուածքով նաեւ չկային ուղղակի կապեր: Զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան սէուտցի դեսպանին հետ: Կաթողիկոսարան այցը յատկանշուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւններէն հատուած մը ամփոփած  մատուռ այցելութեամբ եւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած յարգանքի տուրքով: Այս մէկը արդէն կ՛ուղենշէր հետագայ ընթացքը:

Քաղաքական շարժառիթը այս բոլորին հետզհետէ մրցակցային բնոյթ ստացած Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններն էին: Առաջին անգամ ըլլալով Ռիատէն մեկնող համաարաբական նշանակութիւն ունեցող լրատուամիջոցներ եւ վերլուծական կեդրոններ կը սկսէին խօսիլ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ջարդերուն մասին: Ցեղասպանութիւն եզրը չէր օգտագործուեր, այդուհանդերձ սուր կերպով կը հակադրուէին իսլամական կրօնն ու օսմանցիներուն իրականացուցած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Սէուտական Արաբիոյ պետական սայլը սկսած էր շարժիլ նոր ուղղութեամբ: Կը հետեւէր այս բոլորին Երեւանի եւ ապա Ռիատի փոխշնորհաւորութիւնները միմեանց ազգային տօներուն առիթով: Կողմերը արդէն անցած էին նախաճանաչումի կամ յարաբերութիւններու հաստատման նախաբանային փուլին: Այս փուլին էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կ՛այցելէր Ռիատ` արհեստագիտութեան ոլորտի շուրջ խօսակցութիւններ ծաւալելու համար Սէուտական Արաբիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ:

Այս հոլովոյթի ներկայացման մէջ աւելորդ պիտի չըլլար յիշելը, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ռիատ որոշեց արգիլել թրքական ապրանքներու մուտքը Սէուտական Արաբիա: Անգարայի նկատմամբ դիրքորոշումը կ՛արմատաւորուէր: Միայն մրցակցութեամբ կամ ազդեցութեան գօտիներու դասական պայքարներով չէր բացատրուեր այս ամբողջը: Սուրիական տարածքներու վրայ բազմաթիւ առիթներով Անգարան եւ Ռիատը միջնորդաւորուած ռազմական բախումներ կ՛ունենային տարբեր զինեալ խմբաւորումներու միջոցով:

Այս մրցապայքարն է, որ Միջին Արեւելքէն հիմա կը տեղափոխուի Հարաւային Կովկաս: Ռիատը Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին մէջ Ծոցի արաբական հատուածէն դէպի պարսկական հատուած եւ ապա Հայաստանի վրայով դէպի Սեւ ծով տնտեսական նախագիծերու հեռանկարով կ՛առաջնորդուի: Եւ այս բոլորին մէջ ի հակակշիռ Թուրքիոյ կ՛առաջադրէ դառնալ կարեւոր գործօն:

Ռիատը տարածաշրջանային թափանցումներու գործողութիւնները անպայման կը համակարգէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Տարածաշրջանային թափանցումի ուղղութեամբ առնուած այս քայլը` Ռիատի պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութիւնը Երեւան, կարելի է ընկալել Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութեան պարունակին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 222-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.