Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

November 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ Պ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Վեց տարիներ անցած են այն օրէն, երբ 2 նոյեմբեր 2019-ին առյաւէտ ննջեց մեր ժամանակներու ամէնէն փայլուն եւ տաղանդաշատ բանաստեղծներէն մէկը` Ժագ Ս. Յակոբեան: Ուշագրաւ է, որ իր գրիչը երբեք չդադրեցաւ. աւելի քան ութ տասնամեակ ստեղծագործելէ ետք, 102 տարեկան հասակին փակեց իր աչքերը` մինչեւ վերջ պահելով մտքի պայծառութիւնը եւ աստուածապարգեւ հոգեկան բոցը:

1937 թուականին` իր առաջին հատորի հրատարակութենէն սկսեալ, Յակոբեան դարձաւ մեսրոպեան ոգիով շնչող մշակոյթի խոնարհ ու անխոնջ սպասարկուն: Իր բանաստեղծական լեզուն` հարուստ պատկերներով եւ ինքնատիպ երաժշտական հմտութեամբ, մեր ազգին հոգին երգեց, մեր ցաւն ու յոյսը վկայեց, մեր գաղափարակարգի ջատագով մը եղաւ: Հո՛ն, ուր որ ալ եղաւ:  Քրիստոնէական խորը կենսափորձէն ետք իր գրիչը աւելի պայծառ, աւելի հոգեւոր փայլատակումի վերածուեցաւ, եւ ան դարձաւ ուխտեալ աւետարանիչ` իր ժողովուրդին ներշնչելով սէր հայրենիքի, ճշմարիտ հաւատքի եւ ազնուագոյն արժէքներու նկատմամբ:

Եգիպտոսէն` Լիբանան, Աւստրալիա, Ամերիկա, ո՛ւր ալ ապրեցաւ, իրեն հետ տարաւ Արարատը եւ մեր ոգեղէն աւանդութիւնները:

Իր մահով մեր գրականութիւնը կորսնցուց մեծարգոյ տաղանդ մը, որ Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով հարստացուց մեր լեզուն, մշակոյթը եւ մեր լինելութիւնը:

Օրհնեալ մնայ Ժագ Ս. Յակոբեանի անմեռ յիշատակը: Այո՛, իր պատգամն ու գրիչը մեզի սորվեցուցին, որ իսկական բանաստեղծը չի մահանար, ան կը վերապրի իր ժողովուրդին շունչին մէջ, եւ իր գրիչին իւրաքանչիւր տողը կը դառնայ աղօթք, մեծարանք մեսրոպածին հայոց լեզուին ու ժառանգութիւն նորահաս սերունդի` հայկակներուն:

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

Խոնարհումս քեզ, աստուածապարգեւ եւ մեծատաղանդ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան:

Թորոնթօ

Նախորդը

Get Lost!

Յաջորդը

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.