Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

November 7, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները երէկ` հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին ցոյց մը կատարած են կառավարութեան շէնքին դիմաց: Ցոյցը արձագանգ էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի կառավարութեան լռութեան:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ժորա Ավդալեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Քաղաքացիական պայմանագիրի երազանքի «խաղաղութեան» պայմաններուն մէջ Արցախը հայաթափուեցաւ, իսկ Ալիեւ կը շարունակէ յոխորտալ:

«Մեզի համար Ազրպէյճանի նպատակները միշտ եղած են յստակ եւ ակներեւ` ոչ թէ խաղաղութիւն, այլ Հայաստանի ենթարկում ազրպէյճանական շահերուն, ոչ թէ փոխադարձ յարգանք, այլ զաւթում, ոչ թէ յարձակողական հռետորաբանութենէ եւ ատելութեան տարածումէ հրաժարում, այլ սեփական թէզերի յառաջխաղացում գործող իշխանութիւններուն օգնութեամբ: Պաքուն կը ձգտի  Հայաստանի ինքնիշխանութեան սահմանափակման: Սեւանայ լիճի սեփականացման քարոզչական գործընթացը, որ սկսած է Ալիեւը, որուն ջանք չխնայելով կ՛աջակցին ազրպէյճանական շահերու պաշտպաններ Ռուբէն Ռուբինեանը, Նիկոլ Փաշինեանը, Ալեն Սիմոնեանը եւ այլ գործիչներ, երեւի անոնք չեն գիտեր, որ հայ ժողովուրդը ունի պատմական յիշողութիւն: Ալիեւի յայտարարութիւնը քարոզչական հնարք է, որ նպատակ ունի բնականոնացնել պատմական փաստերու կեղծումը», ըսաւ ան:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Սթելլա Յունանեան իր կարգին մէջբերում կատարեց Ռուբէն Ռուբինեանի գրառումէն հատուածի մը, որմէ ետք ներկայացուց Ալիեւի յոխորտանքներուն արժանավայել հակադարձելու տարբերակները:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, հրապարակախօս, վերլուծաբան Վաչէ Բրուտեան նշեց, որ Ալիեւի սպառնալիքներուն եւ յոխորտանքներուն համարժէք պատասխանելու փոխարէն, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը լղոզէ Ալիեւի ըսածները` փորձելով թմրեցնել հայ ժողովուրդի զգօնութիւնը:

Նախորդը

Թրամփ. «Մենք Նիւ Եորքի Մէջ Կորսնցուցած Ենք Մեր Գերիշխանութեան Մէկ Մասը»

Յաջորդը

«Թուրքիան Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան Հաստատման Միտուած Քայլերը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.