Երէկ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի Գաղթի եւ ներքին գործոց ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննես Լուշներ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան հարցերով հայկական կողմի բարձրաստիճան պաշտօնատար, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանին յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը:
Յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ներկայութեամբ:
Սարգսեան, ստանալով փաստաթուղթը, նշած է, որ անիկա Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերային կարեւոր փուլ է եւ արդէն ձեւաւորած է լայն հանրային ուշադրութիւն ու ակնկալիքներ:
Կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են այս ուղղութեամբ մինչեւ օրս արձանագրուած յառաջընթացը եւ փաստած, որ Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրի պաշտօնական յանձնումը երկկողմանի իրական ջանքերու ապացոյցն է:
Վերահաստատուած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը ծրագիրով նախատեսուած քայլերու իրականացման, որուն վերջնական արդիւնքը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութիւն արժանապատիւ, անվտանգ եւ դիւրին ճամբորդութեան կարելիութիւններու ապահովումն է:


