Չինաստանէն Հայաստան բեռնարկղային բեռնափոխադրումներ կատարելու կարելիութիւն ստեղծուած է: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ալեքսէյ Մելնիքով:
Մելնիքով ընդգծած է, որ այժմ կարելի է Չինաստանէն Հայաստան բեռնարկղային գնացքներ կազմակերպել:
Անոր համաձայն, Նոր երկաթուղային երթուղիի գործարկումը պիտի նուազեցնէ Վերին Լարսի գերբեռնուածութիւնը եւ բեռներու առաքման արժէքը, յատկապէս` Սեւ ծովու ծովային հատուածով, որ ամէնէն սուղն է:
Երթուղին կարեւոր պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստան մեծ քանակութեամբ հացահատիկ տեղափոխող ընկերութիւններուն, թէ՛ ալ այլ գործընկերներու, ներառեալ նաւթամթերք ներածող ընկերութիւններու համար:


