Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2025-ին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հիմնադրութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Ս. պատարագը մատուցեց Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան:
Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձին անդրադառնալով` հաստատեց, որ յատկանշական այս առիթը բոլորին կը յիշեցնէ, թէ Աստուած մեր միջոցով յատկանշական աշխատանքներ կը կատարէ ու կ՛իրականացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին ընթացքը ուղղուած մնայ դէպի վեր, աւելցնելով, որ այս մատրան 32-րդ տարեդարձը նաեւ մեզ կը հրաւիրէ երախտագիտութեան` անոնց նկատմամբ, որոնք ոչինչէն նախաձեռնելով, այստեղ` Ռաուտայի այս պայմաններուն մէջ, մատրան կեանքն ու աշխատանքը իրենց նուիրումովն ու աշխատանքովը հասցուցին այս աստիճանին: Սրբազան հայրը երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով սոյն մատրան կեանքը առաջնորդեցին եւ զայն փոխանցեցին մեր սերունդին, յատկապէս` մատրան մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ` շրջանէն ներս գործող մարմիններուն եւ կառոյցներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կը մնան մեր ժողովուրդին աջակից եւ նեցուկ, յորդորելով, որ բոլորը ըլլան միակամ եւ գործեն իբրեւ մէկ մարմին` ի խնդիր մեր կեանքէն ներս մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանութեան նուիրական անհրաժեշտութեան:
Առաջորդը հաստատեց, որ մեզ կանխող սերունդները` հաւատարիմ իրենց ակունքներուն, իրենց ճիգովն ու նուիրումով կանգուն պահեցին հայութեան կեանքը` հակառակ իրենց դիմագրաւած տեսակաւոր տագնապներուն, անկումներուն եւ զրկանքներուն, աւելցնելով, որ ներկայ կեանքի իրականութիւններուն դիմաց մենք եւս պէտք է խրախուսուինք եւ անդրադառնանք, թէ Աստուծմով կանգուն կը մնայ մեր կեանքը, իսկ առանց Աստուծոյ` կը խորտակուինք բոլորս:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ սոյն պահը կը հրաւիրէ մեզ ըլլալու զգաստ եւ զգուշ` մասնաւորաբար արդի կեանքի պայմաններէն մեզի փոխանցուող այն բոլոր նորութիւններուն եւ տեսակաւոր սովորութիւններուն դիմաց, որոնց հետ շատ անգամ վարուիլ չի գիտեր մեր ժողովուրդը: Ան հաստատեց, որ Քրիստոս մեզի հետ է ու մեր կողքին, եւ այս իրողութիւնը ծանօթ է բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով կողմնորոշուիլ գիտեն, կեանքի անցուդարձերը Աստուծոյ տուած օրինաչափերով դատել գիտեն, եւ բոլոր անոնք, որոնք բարոյական սկզբունքներով կը փորձեն կեանքի աղէտները դիմագրաւել, իրենց տունն ու տեղը պահպանել:
Սրբազանը ըսաւ, որ սոյն պահը նուիրական առիթ է բոլորիս համար` անդրադառնալու, որ մեր Եկեղեցին, մեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք արդիւնք են մեր ժողովուրդի հաւատքին, միացեալ ջանքերուն ու ճիգին, մեզի հետ են ու կը մնան, այնքան ատեն որ մենք միակամօրէն տէր կը կանգնինք մեր գիտակցութեան, հաւատքով կը դիմակալենք կեանքի տագնապները եւ հաւատքով նաեւ մեր ժողովուրդին կեանքը կ՛ուղղենք դէպի վեր, դէպի աստուածային ճշմարտութիւններն ու իրողութիւնները:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ժողովուրին, որ միջին տարիքի կողքին, իրենց հետ ունենան նաեւ իրենց զաւակները` անոնցմով ապահովելու համար վաղուան մեր կեանքն ու աշխատանքը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:


