Ամրան Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետը Թուրքիոյ նախագահին պաշտօնապէս հրաւիրած է մասնակցելու Երեւանի մէջ 2026-ի գարնան կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Այս մասին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց երէկ Երեւանին մէջ Օրպելի ֆորումի ժամանակ` յոյս յայտնելով, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ընդունի այս հրաւէրը:
Էրտողանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երեւանեան հաւաքին հրաւիրելու մասին քանի մը օր առաջ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած էր:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան այնուհետեւ յայտարարած էր, որ Երեւան կ՛ակնկալէ, որ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ նախագահները յաջորդ տարի ժամանեն Հայաստան` մասնակցելու վեհաժողովին:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ հաւանական չէր նկատած Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Երեւան:


