ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը երէկ Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ դժուար մրցումէ ետք կրցաւ ի վերջոյ յաղթել Պէյրութ Ֆըրսթի` 104-99 արդիւնքով:
Մրցումը կը նմանէր 3-րդ հանգրուանի Անթունիէի դէմ մրցումին, ուր ՀՄԸՄ չկրցաւ կայուն մրցում ունենալ եւ առաջին մասը աւարտեց 23-29 արդիւնքով, ուր մրցակից խումբը պազըրին 3 կէտ նշանակեց` հեռանալով 6 կէտով:
Երկրորդ մասին աւելի լաւ պաշտպանելով` ՀՄԸՄ 4 կէտով մօտեցաւ եւ կիսախաղին 2 կէտով ետ կը մնար (45-47):
Երրորդ մասին ալ հաւասարութիւնը տիրեց, ուր երկու խումբերն ալ 24 կէտեր կրցան նշանակել: Վերջին մասին ՀՄԸՄ յառաջացաւ 7 կէտով (78-71)` Այզաք Այյուպիի 2 կէտնոց կողովէն ետք:
Կը կարծուէր, թէ ՀՄԸՄ դիւրութեամբ պիտի աւարտէ մրցումը, բայց Պէյրութ արդիւնքը հաւասարեցուց 1 վայրկեանի ընթացքին:
Ճորտըն Սթիվընզ առիթ ունէր 3 կէտով հեռացնելու ՀՄԸՄ-ը, բայց ան իր 3 հարուածներէն (ազատ հարուած) միայն 1-ը կրցաւ նշանակել:
Աւելի ուշ այլ 2 ազատ հարուածներ եւ 3 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ, բայց Պէյրութ 3 կէտնոց կողովով հաւասարեցաւ (81-81): Թայլըր Պէյ եւ Այյուպի կողովներ նշանակելով 85-81 ըրին արդիւնքը, բայց Պէյրութ կրցաւ անգամ մը եւս հաւասարիլ` պարտադրելով 5 վայրկեան երկարաձգում:
ՀՄԸՄ երկարաձգման նշանակեց 19 կէտ` Պէյրութի 14-ին դիմաց, շահելով մրցումը:
Ճորտըն Սթիվընզ 32 կէտ նշանակեց, մինչ Խալիտ Թոմաս 25 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 6 սթիլ կատարեց: Թայլըր Պէյ 22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քաջալերելի էր Ազիզ Ապտել Մասիհի (10 կէտ) եւ Այզաք Այյուպիի (9 կէտ) ելոյթները:


