Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին քաղաքայիններու դէմ, մասնաւորաբար այստեղ` հարաւային Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքային կառոյցներու դէմ առօրեայ մարտական գործողութիւններով առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւն կը վարէ, եւ Դիմադրութիւնը կ՛ենթարկուի զինք տապալելու համար զինուորական, ապահովական, քաղաքական, ելեւմտական եւ տեղեկատուական պատերազմի, որուն ղեկավարները թշնամին եւ անոր հետ ամէնէն ազդեցիկներն են, սակայն Դիմադրութիւնը անսասան է, որովհետեւ կը հիմնուի Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի եւ համախմբուած ու զոհաբերող հզօր ժողովուրդի վրայ:
«Ասիկա այն ժողովուրդն է, որուն ոչ ոք պիտի կարենայ պարտութեան մատնել: Ան պատմութեան ընթացքին արշաւանքներու ենթարկուեցաւ, սակայն իր հողին վրայ հաստատ մնաց: Եւ այսօր ճնշումի եւ յարձակումի տարողութիւնը ինչ ալ ըլլայ, ոչ ոք պիտի կարենայ մեզ մեր հողէն արմատախիլ ընել»:
«Ներկայ փուլը կը պահանջէ ազգային միասնական դիրքորոշում մը, ուր պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով գերիշխանութեան ու ապահովութեան պաշտպանութեան եւ յարձակումները արգիլելու ամբողջական պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ` քաղաքականութեան եւ այլ բաներու մէջ որդեգրելով բոլոր ու կարելի միջոցները», նշեց երեսփոխանը:
«Պետութեան հաստատութիւններէն կամ իշխանութեան երեք պետերուն կողմէ իւրաքանչիւր դրական եւ պատասխանատու կեցուածք մեր կողմէ դրական վերաբերմունքի պիտի արժանանայ», ըսաւ ան:
«Այսօր պահանջուածը այն է, որ պետութիւնը իր դիրքորոշումը միատեղէ` ստանձնելու համար ամբողջական պատասխանատուութիւնը, ընդդէմ յարձակումներուն Իսրայէլի, որ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին վրայ առաւելագոյն ճնշում կը բանեցնէ` զայն մտահոգ ու անկայուն պահելու եւ վերաշինութիւնը արգիլելու համար», յայտնեց Ֆատլալլա:


