Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եղբայրը` Գէորգ Ներսիսեանը եւ անոր որդին ձերբակալելու որոշում տրուած է, յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան:
Քննչական կոմիտէի բանբեր Կիմա Ավդալեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին 2 անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում` Քրէական օրէնսգիրքի 211-րդ յօդուածով (քարոզչութիւն կատարելու կամ քարոզչութիւն կատարելէ հրաժարելու հարկադրելը կամ քարոզչութիւն կատարելուն այլ ձեւով խոչընդոտելը): Անոնք ձերբակալուած են:
Զոհրաբեանը նաեւ տեսանիւթ մը հրապարակած է` կից գրելով. «Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքին մէջ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Յարութիւն Մկրտչեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրառում կատարած է, որով յայտնած է, որ 1 նոյեմբերին ժամը 16:10-ի սահմաններուն մէջ, կաթողիկոսի եղբայրը` Գէորգ Ներսիսեանը իր որդիներուն հետ իբրեւ թէ խոչընդոտած է նախընտրական քարոզչութիւնը»:
Զոհրաբեան նշած է, որ որեւէ նման բան չէ եղած:


