Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չարդախլու Գիւղը` Զօրավարներու Օրրան. Մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան Եւ Համազասպ Բաբաջանեան

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

October 29, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան
Մարաջախտ Համազասպ Բաբաջանեան

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին կարմիր բանակի բարձրաստիճան արցախցի զինուորականներ իրենց անունը փառքով ու ոսկեայ տառերով արձանագրեցին պատմութեան մէջ: Անոնցմէ են մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան եւ Համազասպ Բաբաջանեան, որոնք հիւսիսային Արցախի Չարդախլու գիւղէն էին:

Չարդախլու կամ Խաչիսար գիւղը կը գտնուի Շամխոր քաղաքէն արեւմուտք, Խաչասար լերան արեւելեան եւ արեւմտեան լանջերուն, բաղկացած է Խաչի սար, Գիւնաշ եւ Նորաշէն թաղերէն եւ հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով: ԺԱ. դարուն կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տեղ 1871-1872-ին նոր եկեղեցի կառուցուած է:

Չարդախլու հայ զօրավարներու օրրան է: Տուած է երկու մարաջախտ, տասներկու զօրավար եւ Խորհրդային Միութեան եօթը հերոս: Չարդախլուցիներ էին ռուսական բանակի զօրավար Արշակ Տէր Ղուկասով (1819-1881), որ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ երեւանեան գունդին հրամանատարն էր եւ հռչակաւոր դարձաւ իր հերոսական խոյանքներով, եւ զօրավար Ջհան Մարգարեան (1844-1931), որ ճակատագրի բերումով փրկեց Նիկոլայ Բ. ցարի կնոջ` Ալեքսանդրա Ֆէոտորովնա ցարուհիին կեանքը:

* * *

Չարդախլու

Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան ծնած է 2 դեկտեմբեր 1897-ին, Գանձակ: Հայրը` Խաչատուր, Չարդախլու գիւղէն, երկաթուղային բանուոր էր Գանձակի մէջ:

Չարդախլուցիները մեծէն փոքրը քաջ կռուողներ էին եւ վտանգի պահուն ետ կը մղէին ամէն յարձակում: Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն Յովհաննէս Բաղրամեան համագիւղացիներէն սորվեցաւ ռազմական առաջին գիտելիքները:

Գանձակի նոր բացուած երկաթուղային երկդասեայ դպրոցը աւարտելէն ետք Յովհաննէս 1912-ի գարնան հօր ուղեկցութեամբ Թիֆլիս մեկնեցաւ. հետագային ան կը գրէր. «Թիֆլիսում մենք սովորում էինք ոչ միայն ուսումնարանի  պատերի ներսում, լսարաններում, այլեւ դասեր էինք առնում երկաթուղային բանուորների շրջապատում, գլխաւոր արհեստանոցում»:

Վրայ հասաւ համաշխարհային առաջին պատերազմը: 1914-ի աշնան Բաղրամեան վկայական ստացաւ եւ Անդրկովկասեան երկաթուղագիծի իններորդ (Գանձակի) գծամասի արհեստագէտ նշանակուեցաւ:

Ռուս-թրքական ռազմաճակատներէն սրտաճմլիկ լուրեր կը հասնէին: Վերյիշելով այդ օրերը` ան կը գրէ. «Եկաւ 1915 թուականի գարունը: Կարսից եկող գնացքները բերում էին հազարաւոր գաղթականների, գլխաւորապէս հայերի, ծերունիների, կանանց, մանուկների»:

Յովհաննէս Բաղրամեան 17 տարեկան էր եւ տակաւին չէր լրացուցած զօրակոչման տարիքը: 16 սեպտեմբեր 1915-ին ան դիմում ներկայացուց ռուսական բանակի կամաւորներու հաւաքագրման կեդրոն: Զայն ուղարկեցին Ախալցխա` 116-րդ պահեստային գումարտակ: Դեկտեմբերին ան ուղարկուեցաւ Ատրպատական: 13 փետրուար 1917-ին Թիֆլիսի ռազմական ուսումնարանը մտաւ եւ Ուրմիոյ շրջանին մէջ կազմաւորուող հայկական երրորդ հրաձգային գունդին մէջ դասակի հրամանատար նշանակուեցաւ:

Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան կնոջ եւ հարազատներուն հետ

Բաղրամեան Էրզրումի ճակատը պաշտպանելու համար կազմուած եւ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող երկրապահ զօրքին միացաւ: Յաղթահարելով ձմրան սառնամանիքները Բաղրամեան իր ձիաւորներուն հետ ճամբայ ելաւ, յոյս ունենալով երկու օրէն հասնիլ Էրզրում: Անոր աչքերուն առջեւ բացուեցան հայոց գաղթի տխուր տեսարանները:

Էրզրումի անկումէն (26 փետրուար 1918) ետք հայկական զօրքերը սկսան նահանջել: Բաղրամեան մասնակցեցաւ Սարըղամիշի եւ Կարսի շրջաններուն մէջ թուրքերու դէմ կռիւներուն: Մայիսին թուրքերը հասան Արարատեան դաշտ:

Սարդարապատի հերոսամարտի օրերուն Բաղրամեան գործեց իբրեւ հետախոյզ եւ մարտական բարդ ու վտանգաւոր առաջադրանքներ կատարեց:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 1920-ին մտաւ կարմիր բանակ: Իր բարձր ընդունակութեան շնորհիւ արագօրէն բարձրացաւ ծառայութեան աստիճաններէն: 1921-ին հեծեալ էսքատրոնի (վաշտ) հրամանատար, իսկ 1923-ին հայկական զօրամիաւորման հեծելազօրային գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ:

Անդրկովկասի ռազմական շրջանի հրամանատարութիւնը Յովհաննէս Բաղրամեանը 1931-ին ուղարկեց Մոսկուա` Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիան, զոր ան աւարտեց 1934-ին, ապա ուսումը շարունակեց կարմիր բանակի գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիային մէջ, զոր աւարտելէն ետք, մինչեւ 1940-ի ամառը դասաւանդեց նոյն ակադեմիային մէջ:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը սկսած էր 1939 սեպտեմբերին եւ գերմանական բանակները արագ ու դիւրին յաղթանակներով կը նուաճէին Եւրոպան:

Գնդապետ Յովհաննէս Բաղրամեան 1940 սեպտեմբերին Քիեւի զինուորական շրջանի 12-րդ բանակի սպայակոյտի գործօն բաժինի պետ նշանակուեցաւ:

Գերմանական բանակը 22 յունիս 1941-ին ներխուժեց Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս: Գնդապետ Բաղրամեան զօրավար Միխայիլ Կիրպոնոսի հրամանատարութեան տակ գործող հարաւ-արեւմտեան ռազմաճակատի զօրքերու սպայակոյտի պետի տեղակալ նշանակուեցաւ:

Գերմանական բանակը յուլիս 12-ին հասաւ Քիեւի մատոյցները, իսկ օգոստոսի սկիզբը քաղաքին վրայ յարձակումը սաստկացաւ: Օգոստոս 12-ին Յովհաննէս Բաղրամեանին զօրավար-մայորի կոչում շնորհուեցաւ: Օգոստոս 23-ին գերմանական բանակը անցաւ Դնեպր գետը: Քիեւի համար մարտերը դիրքային եւ դաժանագոյն բնոյթ ստացան: Սեպտեմբեր 20-ին զօրավար Միխայիլ Կիրպոնոս նահատակուեցաւ եւ ամբողջ զօրքը գերի ինկաւ գերմանացիներուն ձեռքը: Ուժեղ կրակի տակ, Բաղրամեան քանի մը սպաներու հետ յաջողեցաւ դուրս գալ շրջափակումէն:

Այնուհետեւ Բաղրամեան մարաջախտ Սեմէոն Թիմոշենքոյի սպայակոյտի պետ նշանակուեցաւ եւ մեծ հմտութեամբ ղեկավարեց Ռոստովի մատոյցներուն մղուող մարտերը, որուն համար ալ 27 դեկտեմբեր 1941-ին անոր զօրավար-տեղակալի կոչում շնորհուեցաւ:

Զօրավար Բաղրամեան 1942 յուլիսին 16-րդ բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ: 16-րդ բանակը 1943 փետրուար-մարտ ամիսներուն ճեղքեց գերմանական բանակի պաշտպանութիւնը եւ մեծ կորուստներ պատճառեց անոր: Այդ գործողութիւններուն համար Բաղրամեան Կուտուզովի առաջին աստիճանով պարգեւատրուեցաւ:

Զօրավար Բաղրամեանի հրամանատարութեան տակ 1943 յուլիս 12-ին սկսաւ ընդհանուր յարձակողականը. գերմանական զօրքերը ծանր կորուստներ կրեցին. օգոստոս 5-ին Օրիոլ ազատագրուեցաւ: Բաղրամեանին շնորհուեցաւ զօրավար-գնդապետի կոչում:

Խորհրդային Միութեան ժողկոմսովետը 17 նոյեմբեր 1943-ին բանակի զօրավարի կոչում շնորհեց Բաղրամեանի եւ Մերձպալթեան առաջին ռազմաճակատի զօրքերու հրամանատար նշանակեց:

Զօրավար Բաղրամեանի հրամանատարութեամբ Մերձպալթեան առաջին ռազմաճակատի զօրքերը 1943 դեկտեմբերին յարձակման անցան եւ ճեղքեցին գերմանական լաւապէս ամրացուած պաշտպանական գօտին:

Մերձպալթեան առաջին ռազմաճակատի զօրքերը 1944-ի ամրան Բաղրամեանի հրամանատարութեամբ յարձակման անցան եւ գերմանական զօրքերը 300 քիլոմեթր արեւմուտք քշելով հասան Պալթիք ծով ու Լաթվիոյ մէջ շրջապատեցին գերմանական երեսուն զօրաբանակներ: Այս սխրագործութեան համար Բաղրամեան արժանացաւ Սովետական Միութեան հերոսի կոչման:

Երրորդ Պելոռուսական ռազմաճակատի զօրքերու հրամանատար մարաջախտ Ալեքսանդր Վասիլեւսկիի եւ զօրավար Բաղրամեանի զօրքերը մեծ խնամքով պատրաստեցին Քէօնիկսպէրկ (այժմ` Քալինինկրատ) քաղաքի գրաւման գործողութիւնը:

Քէօնիկսպէրկ բոլոր կողմերէն պաշտպանուած էր բազմաթիւ ամրոցներով, ամրոցային հրետանիով եւ երկաթ-պեթոնէ ամրութիւններով:

Բաղրամեան պատրաստեց Քէօնիկսպէրկի ամրացուած շրջանի ճեղքման եւ քաղաքին վրայ գրոհի ռազմական յատակագիծը:

Քէօնիկսպէրկի վրայ յարձակումը սկսաւ 1945 ապրիլ 6-ին. արիւնահեղ գօտեմարտերէ ետք ապրիլ 9-ին կարմիր բանակը գրաւեց քաղաքը:

Քէօնիկսպէրկի յաղթանակին համար Բաղրամեան պարգեւատրուեցաւ Սուվորովի առաջին աստիճանի շքանշանով:

Բաղրամեան 1954-ին պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ նշանակուեցաւ: 11 մարտ 1955-ին անոր շնորհուեցաւ Խորհրդային Միութեան մարաջախտի կոչում: Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան մահացաւ 21 սեպտեմբեր 1982-ին, Մոսկուայի մէջ:

* * *

Մարաջախտ Համազասպ Բաբաջանեան դուստրերուն` Լարիսայի եւ Իզապելլայի հետ

Մարաջախտ Համազասպ Բաբաջանեան ծնած է 18 փետրուար 1906-ին, Զարդախլու: Հայրը` Խաչատուր հովիւ էր եւ Համազասպ յաճախ հօր հետ լեռները կ՛ըլլար: Ան իր նախակրթութիւնը ստացաւ գիւղի ծխական դպրոցին մէջ:

Բաբաջանեաններու ընտանիքը 1915-ին տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր Համազաստ ընդունուեցաւ հայկական դպրոց, բայց առանց աւարտելու ընտանիքին հետ վերադարձաւ գիւղ:

Համազասպ Բաբաջանեան 1925¬ին կարմիր բանակ զօրակոչուեցաւ: Անոր ընդունակութիւնները նկատի ունենալով զայն ուղարկեցին ուսանելու Երեւանի Ալեքսանդր Միասնիկեանի անուան միացեալ ռազմական դպրոցը: Այնուհետեւ ան ուսումը շարունակեց Թիֆլիսի Անդրկովկասեան միացեալ հետեւակային ուսումնարանին մէջ:

Ուսումը աւարտելէն ետք Կովկասեան չորրորդ հետեւակային գունդի դասակի հրամանատար նշանակուեցաւ: Կարճ ժամանակ անց դարձաւ վաշտապետ, ապա` գումարտակի հրամանատար:

Ակադեմական կրթութիւնը աւարտելէն ետք Անդրկովկասեան զինուորական շրջանի զօրաբանակի  սպայակոյտի պետի գործօն բաժնի պետի տեղակալ նշանակուեցաւ:

Համազասպ Բաբաջանեան 1938-ին Լենինկրատ տեղափոխուեցաւ եւ գունդի հրամանատարի տեղակալ նշանակուեցաւ:

Մարտական առաջին մկրտութիւնը ստացաւ խորհրդային-ֆիննական 1939-1940-ի ձմեռնային պատերազմին, եւ ցուցաբերած քաջութեան համար խրախուսանքի արժանացաւ:

Բաբաջանեան այնուհետեւ 19-րդ բանակ փոխադրուեցաւ եւ սպայակոյտի գործօն բաժինի պետի տեղակալ նշանակուեցաւ: 19-րդ բանակը 1941 յունիսին արեւմտեան սահման փոխադրուեցաւ: Քանի մը օր ետք գերմանական բանակները ներխուժեցին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս:

Համազասպ Բաբաջանեան 1941-ի աշնան 395-րդ հետեւակային գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ:

Բաբաջանեանի գունդը Վիտեբսկի, Սմոլենսքի եւ Ելնիայի ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելէ ետք մարտնչեցաւ Տոնի Ռոստովի մատոյցներուն, այնուհետեւ ալ Արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ: 1942-ի գարնան Բաբաջանեան երրորդ մեքենայացուած զօրամիաւորման հրամանատար նշանակուեցաւ:

Արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ գերմանական բանակի պարտութենէն, Պերեմիշլի եւ Լվովի ազատագրումէն ետք բացուեցաւ դէպի Լեհաստան ճանապարհը: Դնեստր գետի բարեյաջորդ անցման, հրամանատարական փայլուն գործողութիւններու եւ գրոհի անթերի կազմակերպման համար 26 ապրիլ 1944-ին փոխգնդապետ Համազասպ Բաբաջանեանի շնորհուեցաւ Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչում:

Մարաջախտ Գէորգի Ժուքով 5 մարտ 1945-ին զինուորական խորհրդակցութիւն հրաւիրեց եւ հրահանգեց, որ Պերլինի վրայ յարձակումը պէտք է սկսիլ առանց յապաղումի:

Պերլինի վրայ յարձակումը սկսաւ ապրիլ 16-ին, իսկ ապրիլ 24-ին կարմիր բանակը սկսաւ շրջափակել քաղաքը: Համազասպ Բաբաջանեանի հրասայլային զօրաբանակը առաջիններէն էր, որ մտաւ Պերլինի արուարձաններ եւ ուղղակիօրէն հարուածեց ռայխսթակը: Թաղէ-թաղ, փողոցէ-փողոց արիւնահեղ մարտեր մղուեցան: Ապրիլ 30-ին ռայխսթակի տանիքին վրայ բարձրացուեցաւ յաղթանակի դրօշակը:

Պատերազմի աւարտէն ետք, 1948-ին Բաբաջանեան աւարտեց ռազմական ակադեմիան: 1949-1950-ին ծառայեց Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ: 1956 նոյեմբերին ղեկավարեց Հունգարիա ներխուժած խորհրդային բանակի 38-րդ հրասայլային զօրամիաւորումը եւ վիրաւորուեցաւ: 1959- 1967 տարիներուն Օտեսայի ռազմական շրջանի հրամանատարը եղաւ, ապա` Մալինովսքիի անուան հրասայլային զօրքերու ակադեմիայի պետը: 1969-ին Խորհրդային Միութեան հրասայլային զօրքերու հրամանատար նշանակուեցաւ: 1975-ին անոր շնորհուեցաւ մարաջախտի կոչում:

Մարաջախտ Համազասպ Բաբաջանեան մահացաւ 1 նոյեմբեր 1977-ին, Մոսկուայի մէջ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.