Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Արսենալ Յաղթեցին. Նափոլի Ծանր Պարտութիւն Կրեց

October 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն առաջին մասը, որուն ընթացքին Սպանիոյ «հսկան»` Պարսելոնա ծանր պարտութեան մատնեց Օլիմփիաքոսը (6-1), Փարիզ Սեն Ժերմեն յաղթեց Գերմանիոյ մէջ` Լեւերքուզընին (2-7) մինչ մեծ անակնկալ էր Նափոլիի ծանր պարտութիւնը` ՓՍՎ Այնտհովընէն (6-2):

Ինթեր Միլան եւ Արսենալ «մաքուր» յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Սենթ Ժիլուազի (4-0) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի (4-0) դէմ` մնալով միակ խումբերը, որոնք կոլ չեն ստացած տակաւին:

Քաթալոնիոյ մէջ, Պարսելոնա, շնորհիւ Ֆերմեր Լոփեսի (3), Մարքուս Ռաշֆորտի (2) եւ Լամին Եամալի կոլերուն ծանր պարտութեան մատնեց Օլիմփիաքոսը, որուն միակ կոլը նշանակեց մարոքցի Այուպ Քաապի:

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կանուխ կոլ մը նշանակելէ ետք Փաչոյի շնորհիւ, փենալթի մը ստացաւ իր դէմ: Ալեխանտրօ Կրեմալտօ փենալթին հարուածեց ֆրանսական ակումբի բերդի սիւնին` կորսնցնելով հաւասարութեան ոսկի առիթ մը:

31-րդ վայրկեանին կոշտ ֆաուլէ մը ետք Ռոպերթ Անտրիշ ստացաւ դեղին քարտ մը,  որ փոխարինուեցաւ կարմիր քարտով, երբ «ՎԱՐ»-ի սենեակէն զինք կանչեցին վերատեսութեան ենթարկելու որոշումը:

Փարիզի յետսապահ Իլիա Զապարնի 4 վայրկեան ետք անտեղի ֆաուլ մը կատարեց եւ փենալթի մը եւս «նուիրեց» Լեւերքուզընին: Զապարնի վտարուեցաւ կարմիր քարտով, իսկ Ալեքս Կարսիա նշանակեց փենալթին: Արդիւնք` 1-1:

3 վայրկեան ետք Տեզիրէ Տուէ պատասխանեց կոլով մը, եւ 44-րդ վայրկեանին Քվիչա Քվարացխելիա արդիւնքը բարձրացուց 3-1-ի` ի նպաստ տիտղոսակիր Փարիզի:

Կիսախաղը կը մօտենար, երբ Աշրաֆ Հաքիմի անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Փարիզի 4-րդ կոլը:

Բ. կիսախաղի սկիզբէն ֆրանսական կազմը շարունակեց իր յարձակումները եւ Վիթինիայի փոխանցումէն ետք Նունօ Մենտեշ նշանակեց 5-րդ կոլը: 4 վայրկեան ետք Ալեքս Կարսիա պատասխանեց` նշանակելով Լեւերքուզընի 2-րդ կոլը:

66-րդ վայրկեանին Ուսման Տեմպելէ եւ վերջին վայրկեանին Վիթինիա նշանակեցին 2 այլ կոլեր` 2-7 արդիւնքով հեռանալով Լեւերքուզընի դաշտէն:

Իտալիոյ ախոյեան Նափոլի, որ շաբաթավերջին անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Թորինոյէն, լաւ ձեւով սկսաւ իր մրցումը Նետերլանտներու ախոյեան ՓՍՎ Այնտհովընի դաշտին վրայ, ուր Սքոթ Մաքթոմինէյ 31-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի բացման կոլը:

4 վայրկեան ետք Ալեսանտրօ Պոնճիորնօ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Իվան Փերիշիչի փոխանցումը: Արդիւնք` 1-1: Մարոքցի Իսմայէլ Սայպարի 3 վայրկեան ետք նշանակեց Այնտհովընի 2-րդ կոլը:

Բ. կիսախաղին Տենիս Ման նշանակեց Այնտհովընի 3-րդ կոլը: Բ. կիսախաղին, Նափոլի կը փորձէր փոխադարձել, բայց Լորենցօ Լուքայի կարմիր քարտը 76-րդ վայրկեանին, աւելի եւս դժուարացուց վիճակը, որմէ ետք Ման, Ռիքարտօ Փեփի եւ Քուհէյպ Տրիոէշ նշանակեցին Այնտհովընի մնացեալ կոլերը: Մաքթոմինէյ կոլ մը նշանակած էր, բայց չկրցաւ իր խմբակիցները ոգեւորել եւ մարզիչ Քոնթէի խումբը ծանր պարտութիւն կրեց` 3 մրցումներէն 3 կէտ ձեռք ձգելով:

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ կը հիւրընկալէր Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ա. կիսախաղին ձախողելէ ետք կոլ նշանակել, Լոնտոնի ակումբը Բ. կիսախաղին 4 անպատասխան կոլեր նշանակեց, ուր Կապրիէլ, Մարթինելլի եւ շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշ (2) նշանակեցին: 9 մրցումներ կոլ չնշանակելէ ետք, Եոքերեշ վերջապէս գոհ պահեց մարզիչ Միքել Արթեթան, 2 կոլ նշանակելով 3 վայրկեաններու ընթացքին (67 եւ 70):

Անգլիական այլ խումբ մը` Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիարէալը, ուր անգամ մը եւս նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ կոլ նշանակեց: Վերջերս Սիթիի մարզիչ Կուարտիոլա կը գանգատէր, որ խումբը շատ կը վստահի Հաալանտին, եւ պէտք էր միւս մարզիկներն ալ իրենց մակարդակը բարձրացնէին:

Հաալանտ յաջորդական իր 12-րդ մրցումին նշանակեց կոլեր եւ 19-ի հասցուց կոլերու հաշիւը:

Ինթեր Միլան 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պելճիքայէն. Տումֆրիզ, Մարթինես, Չալհանօղլու եւ Էսփոզիթօ նշանակեցին Ռուայալ Իւնիոն Սենթ Ժելուազի բերդին մէջ:

Պորուսիա Տորթմունտ 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք Քոփենհակընի (Դանիա) դէմ իր մրցումի առաջին կիսախաղը, կրցաւ 3 յաջորդական կոլեր նշանակել եւ յաղթել 2-4 արդիւնքով:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Յաջորդը

Արտեմ Բանդիկեան. «Ծնողներս Ախալքալաքէն Են…»

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.