Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարմնամարզութիւն. Վաղը Կը Սկսի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը Ճաքարթայի մէջ (Ինտոնեզիա) կը սկսի մարմնամարզութեան 2025-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս մրցաշարքին, մասնակցողներուն կարգին պիտի ըլլան Եւրոպայի գործող երկու ախոյեաններ Համլեթ Մանուկեան եւ Արթուր Դաւթեան:

Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Վաղինակ Դաւթեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Համլեթ Մանուկեան:

Հայ մարմնամարզիկները կը մրցին անհատական կարգերուն մէջ: Նշենք, որ Արթուր Դաւթեանի համար այս ախոյեանութիւնը, կարելիութիւն մըն է հաստատելու իր դիրքը` իբրեւ աշխարհի լաւագոյն մարմնամարզիկներէն մէկը

թափկի ցատկին մէջ, իսկ Համլեթ Մանուկեան հանդէս պիտի գայ նժոյգի վարժութեան մրցումներուն, մարզաձեւ մը, որուն մէջ այս տարի ան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը:

19-էն 21 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան զտումի հանգրուանները, ապա 22 հոկտեմբերին` տղոց համակցուած բազմամարտի աւարտականը:

23 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ աղջկանց համակցուած բազմամարտի աւարտականը: 24 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան անհատական աւարտական մրցումներ, օղակներու, նժոյգ եւ ազատ վարժութիւններու (տղոց), ցատկելու եւ անհաւասար ձողերու մրցումները (աղջկանց):

25 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան անհատական աւարտականները ցատկելու, բարձր ձողի եւ զոյգ ձողերու (տղոց), ինչպէս նաեւ ազատ վարժութիւններու եւ ճառագայթի (աղջկանց) մրցումները: Հայաստանի հաւաքականը արդէն իսկ քանի մը օրէ ի վեր հասած է Ճաքարթա եւ աւարտած իր պատրաստութիւնները մրցումներէն առաջ:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Ռոմա – Ինթեր Միլան. Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Յաջորդը

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.