Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

October 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԹՈՍ

2020-ի հոկտեմբեր: Արցախեան երկինքը մթնած էր թշնամիի թնդանօթներէն: Սակայն աւելի ուժգին ձայնի մը ի լուր` գետինը կը դղրդար, դարաւոր ծառերը շուրջպար բռնած էին, ու մթութեան մէջ լռութեան շղթան երկվայրկեանուան մը մէջ կը նօսրանար զիլ ու զօրեղ ձայնին դիմաց… Այդ մթութեան մէջ հնչող ձայնը` խորշակէն ալ ուժգին, կրակէն ալ ջերմ, Գէորգ Հաճեանինն էր:

Ան չէր երգեր միայն: Ան կ՛աղօթէր երգով: Կ՛աղաղակէր երգով: Կը պոռթկար աշխարհի ականջին.

«Արի, յոյսի առաւօտ,
«Գթառատ սիրով արի, ու փրկիր մեր երազները
«Յարատեւ կռուի այս դժոխքից:
«Արի, արի առաւօտ,
«Գթառատ սիրով արի, ու փրկիր մեր երազները,
«Յարատեւ կռուի այս դժոխքից»:

 

***

Գէորգ Հաճեանին անունը կը փայլի իբրեւ մեր օրերու անմահ երգ ու խոյանք: Ան ծնաւ Այնճարի հայկական մթնոլորտին մէջ, մեծցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հաւատքի եւ երաժշտութեան աւանդութեանց մէջ ու իր ձայնով ճամբայ բացաւ հազարաւոր սրտերու:

Ազգային գաղափարախօսութեան ու կրօնական ստինքներէն սնանած Գէորգը դարձաւ իր անուան արժանավայել ջահակիրը:

Երգը Գէորգին համար, երբեք, լոկ արուեստ չէր. ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին երգը վերածեց պատարագի, վերածեց հաւատամքի, վերածեց ազգային ոգիի ու պայքարի: Մեներգիչ եղաւ «Շնորհալի», «Կոմիտաս», «Պարոյր Սեւակ» եւ «Ֆայհա» երգչախումբերուն մէջ, բայց երբեք չբաւարարուեցաւ բեմով:

Ազգանուէր այս տիտանը, հեռու բեմերէն, դաստիարակեց, կրթեց, ոգեշնչեց, առաջնորդեց դպրոցականներ ու մեծահասակներ, սերմանեց այն համոզումը, որ`

երգը զէնք է,
երգը վահան է,
երգը յաղթանակի նախերգանք է:

Այս իսկ պատճառով, երբ Արցախի ճակատը կանչեց, Գէորգը ոչ մէկ վարանում ունեցաւ: Ան իր երգը փոխեց հրացանի հետ քայլերգի, ու իր վերջին բեմը դարձաւ Վարանգաթաղի բարձունքը…

ՀՅԴ կամաւորական երկրորդ վաշտին մէջ, Մհեր Յարութիւնեանին ու Քրիստափոր Արթինին կողքին, հոկտեմբեր 6-ին, ծանր մարտի ընթացքին ան արժանացաւ նահատակութեան վեհ ու սուրբ շքանշանին:

Բայց նահատակութիւնը մահ չէր. ան եղաւ վկայութիւն, որ հայ երգիչը կրնայ նոյնքան խրոխտ մարտիկ ըլլալ, որ` ուսուցիչը կրնայ նոյնքան հաստատ զինուոր կանգնիլ, եւ որ` հաւատաւորը կրնայ իր կեանքը ընծայել` իբրեւ պատարագ հայրենիքին համար:

Գէորգ Հաճեան դարձաւ բարոյական ահազանգ աշխարհի լռութեան դէմ, դարձաւ խոյանք, որուն մէջ հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը միաձուլուեցան, դարձաւ խաչքար, ուր ամփոփուած են ոչ միայն իր գաղափարախօսութիւնն ու կտակը, այլ` մեր ժողովուրդի յիշողութիւնը եւ մեր պահանջատիրութիւնը:

Այսօր` հինգ տարի ետք, երբ հաւատքն ու դիմադրութիւնը կը խեղաթիւրուին զիջումներու քաղաքականութեամբ, Գէորգ Հաճեանին անունը կը մնայ կենդանի բոց, որ կը հրահրէ մեր սրտերը, կը պարտադրէ, որ մենք լուռ չմնանք, կը պարտադրէ, որ մենք շարունակենք պայքարիլ երգով ու զէնքով:

Ան իր կեանքով սորվեցուց, որ արժանապատիւ կեանքը կայացած է երգի ու պայքարի մէջ, եւ իր նահատակութեամբ դարձաւ անմահ վկայութիւն, որ երգը չի լռեր, նոյնիսկ երբ մարմինը իյնայ:

Գէորգ Հաճեան մնաց եւ պիտի մնայ մեր երգող խոյանքը, մեր սրբազան խաչքարը, մեր ղօղանջող Ղազանչեցոցը:

Ննջէ խաղաղ, ընկեր, քանզի քու ձայնդ դարձաւ մեզի պատգամ. «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ…»,

եւ մենք կը խոստանանք շարունակել այդ ձայնին ունկնդիր` մինչեւ արդարութեան լուսաւոր օրը:

Կը խոստանանք` երբեք չլռեցնել երգը, շարունակել պայքարը, երբեք չմոռնալ հողը, պահանջել իրաւունքը:

Հողդ թեթեւ…

 

 

Նախորդը

Ծառայութեան Տիպարը (Աւետիս Կէտիկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.