Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարիժանի. «Հըզպալլան Ներկայիս Որեւէ Շարժում Չի Կատարեր, Եւ Եթէ Շարժի, Գետնի Վրայ Հաւասարակշռութիւնը Շրջելու Կարողութիւնն Ունի»

October 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Եթէ Հըզպալլան ներկայիս որեւէ շարժում չի կատարեր, ապա որովհետեւ Լիբանանի եւ սիոնական վարչակարգին միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը չ՛ուզեր խախտել, սակայն գետնի վրայ հաւասարակշռութիւնը շրջելու կարողութիւնը ունի»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:

«Ամերիկացիները պէտք չէ իրենք զիրենք իբրեւ լիբանանցի ժողովուրդի պահապաններ նշանակեն», ըսաւ ան:

Պատասխանելով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի` Հըզպալլայի ամսական միլիոնաւոր տոլարներով օժանդակութիւն ստանալուն վերաբերեալ խօսքին մասին հարցումի մը, Լարիժանի յայտնեց. «Իմ կարծիքովս, պարոն Պարրաքը այդ խօսքը ըսած ատեն ջղայնացած էր եւ նոյնիսկ նախապէս նոյն վայրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բարկացաւ»:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան բարեկամ պետութիւն է, եւ Թեհրան բոլոր հարցերուն շուրջ անոր հետ կը խորհրդակցի` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է ներքին խնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար համախոհութիւն գոյացնեն:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ նոր յարձակումի մը կարելիութեան, ան ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք բոլոր բեմագրութիւններուն, սակայն չեմ կարծեր, որ իսրայէլացիները անմտաբար պիտի վարուին, եւ եթէ վարուին, հզօր դաս մը պիտի ստանան»:

«Վերջին ահաբեկումները, ներառեալ հիւլէական գիտնականներու ահաբեկումը, ո՛չ Հըզպալլան քանդեցին, ո՛չ ալ Իրանի ճարտարագիտական կարողութիւնները», նշեց ան:

«Կարելի չէ հերքել, թէ Հըզպալլան անոր ղեկավար Հասան Նասրալլայի ահաբեկումով ուժեղ հարուած ստացաւ, սակայն այս շարժումը ոչ միայն պիտի չքանդուի, այլ անոր կարողութիւնները պիտի աճին, շնորհիւ անոր գաղափարին եւ պայքարի գործելաոճին», աւելցուց Լարիժանի:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը նաեւ յայտնեց, որ Լիբանան իր վերջին այցելութեան ընթացքին տեսած է, թէ Հըզպալլան արագօրէն ինքզինք կը վերականգնէ եւ դիմադրութիւնը կը շարունակէ:

Ան հեգնելով շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական գործելաոճը յայտնեց. «Եթէ Ամերիկան կ՛ուզէ ամէն օր յուղարկաւորութիւն տեսնել, պէտք է տարբեր երկիրներու վրայ յարձակում գործէ»:

«Սուրիոյ կացութիւնը այսպէս պիտի չմնայ, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդը իսլամ է, եւ անոնք ներկայ կացութիւնը պիտի չընդունին», նշեց Լարիժանի:

Նախորդը

Պարրօ. «Հըզպալլան Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերուն Հարցով Ամերիկայի Հետ Կապի Մէջ Ենք»

Յաջորդը

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.