Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազախստանի Միջկրօնական Վեհաժողովին` «Միջկրօնական Երկխօսութիւնը Անհրաժեշտ Է Վերածել Գործակցութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 19, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող միջկրօնական վեհաժողովի բացման նիստին խօսք առնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց երկրի նախագահին ու պետութեան ճիգը կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, եւ ներկայ վեհաժողովի մասնակից աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ միջկրօնական երկխօսութեան ու անոր յատուկ կարեւորութեան` տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Ան շեշտեց, որ երկխօսութեան օրակարգը պէտք է համապատասխանէ ներկայ աշխարհի պայմաններուն, միաժամանակ երկխօսութիւնը պէտք է կարելիութիւն ընծայէ զիրար ճանչնալու ու յարգելու` հեռու մնալով միակողմանի տեսակէտեր ու կենցաղակերպեր պարտադրելու մօտեցումներէ:

Երկխօսութեան մասին իր կատարած ընդհանուր անդրադարձէն ետք, վեհափառ հայրապետը շեշտեց միջկրօնական յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս վեհաժողովին ուշադրութիւնը հրաւիրեց գործակցութեան չորս բնագաւառներու վրայ.

ա) Փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ հիմնուած խաղաղ գոյակցութիւնը էական է բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ ներկայ ընկերութիւններու կեանքին մէջ: Անհանդուրժողութիւնն ու բռնութիւնը հեռու պէտք է մնան ընկերութիւններու կեանքէն: Այս ուղղութեամբ, պետական կառոյցներու առընթեր, կրօններու դերը կենսական է:

բ) Ահաւոր տագնապներով, հակասութիւններով ու լարուածութիւններով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ, ուր յաճախ իրաւունքն ու արդարութիւնը զոհ կը դառնան բռնատիրական կառոյցներու, կրօնները չեն կրնար մնալ անտարբեր: Անոնք կոչուած են կամուրջի ու հաշտարարի դեր կատարելու:

գ) Կրօնները կրնան տագնապներու գծով նախազգուշական դեր կատարել, քան` տագնապներու լուծման: Հետեւաբար, առանց նոյնանալու քաղաքական օրակարգերու եւ գաղափարախօսական հոսանքներու հետ, կրօնները կոչուած են ազդու միջոցներու դիմելու` առաջքը առնելու անարդարութեան, բռնութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման:

դ) Կրօնները կրնան կարեւոր դեր ունենալ նաեւ կենսոլորտային հարցերու գծով, որոնք փաստօրէն դարձած են ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքը յուզող տագնապներ: Յիշեալ հարցերուն գծով կրօններուն մօտեցումը պէտք է հիմնուած ըլլայ իրենց բարոյական ու աստուածաբանական ուսուցումներուն վրայ, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած է կենսոլորտը մաքուր պահելու հրամայականը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրակացնելով ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ կրօններու միջեւ հաւատալիքներու եւ ուսուցումներու տարբերութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն մարդկային կեանքին առնչուած հիմնական հարցերու գծով կրօնները ունին հասարակաց արժէքներ ու տեսակէտեր, որոնք պէտք է կազմեն հիմքը միջկրօնական գործակցութեան:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Եւ Փաքիստանը Միացեալ Ռազմավարական Պաշտպանութեան Համաձայնութիւն Կնքեցին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?