 Կիրակի գիշեր Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ Եուրոպասքեթի (Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութիւն) աւարտական մրցումը, ուր Գերմանիա յաղթեց Թուրքիոյ (88-83)` դառնալով ախոյեան:
Կիրակի գիշեր Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ Եուրոպասքեթի (Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութիւն) աւարտական մրցումը, ուր Գերմանիա յաղթեց Թուրքիոյ (88-83)` դառնալով ախոյեան:
Աշխարհի ախոյեան Գերմանիա, ինչպէս այս մրցաշարքի գրեթէ բոլոր մրցումներուն, ետ կը մնար մրցումի սկիզբէն (13-2) (46-38) (61-55) (72-66), եւ վերջին վայրկեաններուն է, որ վճռեց տիտղոսը, երբ «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Տիթրոյիթ Փիսթընզի աստղ Տենիս Շրէօտըր նշանակեց մրցումի վերջին 6 կէտերը եւ 83-82 արդիւնքը փակեց 83-88 արդիւնքով:
Իսաք Պոնկա 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Գերմանիոյ, որ իր Եւրոպայի առաջին տիղոսը շահեցաւ 1993-էն ի վեր, ուր փայլեցաւ նաեւ Ֆրանց Վակնըր (18 կէտ), մինչ Շրէօտըր 16 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Գերմանիոյ, որ այս մրցաշարքի իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Թուրքիոյ լաւագոյն մարզիկն էր Ալփերեն Շենկիւն (Հիւսթըն Ռոքեթց), որ 28 կէտ նշանակեց:
Շրէօտըր ընտրուեցաւ Եուրոպասքեթի «Էմ. Վի. Փի.»-ն, մինչ ան մրցաշարքի լաւագոյն 5-ին մաս կազմեց Ֆրանց Վակնըրի, Շենկիւնի, Յունաստանի աստղ Եանիս Անթեթոքումփոյի եւ Սլովենիոյ աստղ Լուքա Տոնչիչի հետ:
Երրորդ դիրքի մրցումին Յունաստան պրոնզ մետալ շահեցաւ` 92-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ֆինլանտան:
Անթեթոքումփօ 30 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Յունաստանի, մինչ Լաուրի Մարքանեն 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆինլանտայի:
 
			

