Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 16, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են. «Գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ղեկավարները անցնող շաբաթներուն յաջողեցան գտնել կախարդական տարազը, որ Լիբանանը զերծ պահեց զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու բանակի ծրագիրին վերաբերեալ վտանգաւոր ճգնաժամէ»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ քաղաքական աղբիւրներու տեղեկութիւններուն համաձայն, գոյութիւն ունի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ երկրին քաղաքական ու ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու տողատակի համաձայնութիւն մը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ յայտարարեց, թէ կիրակի օր հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին մէջ գործողութեան մը ընթացքին ահաբեկած է Մոհամետ Ալի Եասինը, որ ըստ իսրայէլեան բանակին, «մասնակից էր Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքերու արտադրութեան ու զարգացման, անոր գործունէութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ հասկացողութիւններու խախտում էր»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ճնշումներուն տոկալն ու զէնքի մենաշնորհումին կառչած մնալը կառավարութեան աննախադէպ ազգային անձեռնմխելիութիւն ու ներքին վստահութիւն շնորհեց եւ գաղթակայաններէն զէնքը վերցնելու ճամբան հարթեց»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իւրաքանչիւր խումբ իրաւունք ունի իր նահատակները իր յարմար դատած ձեւով մեծարելու, սակայն երբեք իրաւունք չունի իրականութիւնները շրջելու եւ կեղծելու, որովհետեւ Լիբանանի դէմ հիւսուած դաւադրութիւնը մեծ է եւ կը շարունակուի, թէկուզ տարբեր կերպարանքներով»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կ՛ուղղուի պայքարելու յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ շիիական աթոռներու համար, մասնաւորաբար Պաալպեք-Հերմելի մէջ, ուր թեկնածուն գրեթէ պատրաստ է ընտրապայքար մղելու: Նոյնն է պարագան Ժիպէյլի»:

. «ԺԱՏԻՏ». «Նիթրաթ Ամոնիոմը Պէյրութի նաւահանգիստ բերած «Ռուսոս» նաւուն սեփականատէրը Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ»:

Նախորդը

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Դադար Կ՛առնէ…

Յաջորդը

Քարամ. «Հըզպալլան Կը Փորձէ Իր Կորսնցուցած Ապահովական Եւ Զինուորական Առանձնաշնորհումները Քաղաքական Առանձնաշնորհումներով Փոխհատուցել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.