Կարօտի ապրումներով տոգորուած` օդանաւին պատուհաններէն դուրս նայեցայ ու յաղթական տեսքդ փնտռեցի, բայց քեզ տեսնելու փոխարէն` Արագածը տեսայ իր ձիգ գագաթներով:
Մինչեւ օդակայանի մուտքը կոխելս, միջանցքին ամբողջ երկարութեան դիտեցի դուրսը, գէթ` ապակեայ անցքէն քեզ տեսնելու յոյսով, սակայն այս անգամ երկինքը ծածկող ամպերը թոյլ չտուին, որ քեզ տեսնեմ:
«Հարց չէ. հիմա մայրաքաղաք ուղղուելու ճամբուն ընթացքին փոխադրակառքին լուսամուտներէն կը տեսնեմ», ըսի միտքէս ու յոյսով բարձրացայ փոխադրակառք, ուրկէ աջ ձախ նայեցայ, բայց ի զուր, նորէն չտեսայ: Հոգիս խռովեցաւ, իսկ միտքս տեսակ-տեսակ մտածումներով ալեկոծեցաւ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ չերեւիս: Թէեւ ոչ մէկ անգամ դաւաճանած ես ինծի: Թէկուզ ուրուականդ կամ ձիւնածածկ գագաթդ ամպերով պատած ըլլաս, բայց գէթ մէկ անգամ տեսնեմ: Լա՛ւ, ոչինչ. հակառակ ամպերու քողին ետեւ թաքնուած ըլլալուդ` կը զգամ ներկայութիւնդ եւ հակառակ անոր որ չեմ տեսներ, բայց կ՛ուզեմ խօսիլ քեզի հետ:
Գիտեմ` ժամադրուած չենք: Քեզ տեսնելու համար կարիք չկայ նախօրօք լուր տալու, որովհետեւ գիտեմ, որ դուն քու տեղդ հաստատօրէն բազմած ես եւ միշտ ու մեզ կը սպասես: Առանց տարակուսանքի գիտես, որ զաւակներդ տարին անգամ մը այցի պիտի գան հայրենիք եւ քեզ տեսնեն:
Ու մանաւանդ` ես: Իր ամենասիրած մէկ խաղալիքը կորսնցուցած երեխայի մը պէս, ամէն ամառ հայրենիք այցելութեանս կը փնտռեմ քեզ: Գիտես` չէ՞, որ տարուան 365 օրերուն պատկերդ կը թաւալի աչքերուս առջեւէն: Գիտես` չէ՞, որ իւրաքանչիւր ամառ քեզմէ յիշատակի նկար մը կը տանիմ ինծի հետ, որպէսզի մինչ յաջորդ հանդիպում չկարօտնամ քեզ: Գիտես` չէ՞, որ ինծի համար հզօրութեան խորհրդանիշ ես: Ամէն անգամ ակնածանքով կը դիտեմ քեզ եւ կը հիանամ վեհութեանդ վրայ: Դուն, որուն պատկերը դարեր շարունակ մեր հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեսանք: Դուն, որուն պատկերը մեր բնակարաններուն, վարժարաններուն, կառոյցներուն որմերը կը գեղեցկացնեն: Դուն, որուն մասին հայ գրականութեան մէջ անհամար բանաստեղծութիւններ հիւսուած են, եւ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ իր դպրոցական տարիներուն մեծ ուրախութեամբ զանոնք սորված է ու հպարտութեամբ արտասանած: Դուն, որ սոսկ լեռնային հսկայական զանգուած մը չես ինծի համար, այլ` արարատեան դաշտէն հին ու նոր Հայաստանիս վրայ հսկող սուրբ լեռ մը: Դուն, որուն դիւթիչ տեսքը վայելելու, քեզմով կրկին հպարտանալու համար մղոններ ու ծովեր կտրած` այցի եկած եմ քեզի, ինչո՞ւ ամպերը պատնէշ բռնած ես ու թաքնուած` անոնց ետեւ:
Կարօտի անսահման ապրումները հոգիիս մէջ պահած` հասայ Երեւանի հրապարակ, ուր արեւը կը շողար, եւ կեանքը կ’եռար:
Օրերը անցան: Մայրաքաղաքին մէջ թէ այլուր անցուցած հաճելի պահերս դարձան գեղեցիկ յիշատակներ, սակայն անոնց մէջ կը պակսէր յիշատակելի այլ պահ մը, որուն փնտռտուքին մէջ էի շարունակ: Չէի կրնար հայրենիքէն մեկնիլ` առանց այդ պահուն առթող զգացողութեան: Ու անսպասելի օր մը ինծի համար դարձաւ յիշատակելի:
Իւրայատուկ առիթի մը հանրաշարժով կ՛ուղղուէինք դէպի Գեղարդի վանք: Հանրաշարժը մերթ կը բարձրանար բարձունքները եւ մերթ կ’իջնէր ձորերը: Այդ բարձունքներէն մէկուն դիմաց պարզուեցաւ Երանոսի լեռներով շրջապատուած Ազատի հրաշալի ջրամբարը ու ինծի համար կարեւորագոյնը` իմ հրաշք Արարատս:
Վերջապէս երազանքս իրականացաւ: Տեսայ: Արարատեան դաշտի հսկան տեսայ ու առանց ակնթարթ մը կորսնցնելու` նայուածքներս ուղղեցի անոր վեհութեան: Անտանելի կարօտս յագեցնելու համար աչքերս չհեռացուցի անկէ, տեսողութեանս ամբողջ ուժովը կեդրոնացայ անոր գագաթին, լանջերուն եւ ծալքերուն վրայ: Ամպի ծուէն մը հանգչած էր սէգ գագաթին վրայ, եւ արեւին ճառագայթները կ՛ուրուագծէին անոր կախարդական պատկերը: Դիտեցի այնքան, որ տեսանելի էր աչքերուս: Դիտեցի ու խորհրդաւոր պատկերը պահեցի աչքերուս մէջ, որպէսզի կարօտի պահերուն, երբ կոպերս փակեմ հոն գտնեմ զինք: Հրճուանքս սահման չունէր:
Այդ օր ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ: Ի վերջոյ տեսայ Արարատը եւ Գեղարդի վանքին մէջ ներկայ գտնուեցայ վաղամեռիկ ու անմոռանալի ընկերոջ մը զաւկին սուրբ պսակի արարողութեան:



