Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրական Մտահոգութիւններ

September 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Հայ Եկեղեցին` Գործակից Եւ Զօրակից Պետութեան

Քրիստոնէութիւնը որդեգրելու իրողութիւնը պատահական  երեւոյթ մը չէր մեր կեանքին մէջ եւ ոչ ալ անձի մը կամ անձերու նախասիրութեան կամ ճաշակի  հարց մը:

Քրիստոնէութիւնը ինքը չեկա՛ւ մեզի, մե՛նք հրաւիրեցինք, մենք ներքաշեցինք  զայն մեր մէջ, քանի մեր դարաւոր ժողովուրդի նկարագրին ու քրիստոնէական վարդապետութեան միջեւ հարազատ նմանութիւններ եւ մտերմութիւններ կային: Նոյնութիւն, որ դիմանալու, տոկունութեան եւ ատով իսկ յաւիտենականութեան կ՛առաջնորդէր: Նոյնութիւն, որ կեանքին քաղցրութիւն կու տար: Նոյնութիւն, որ իմաստութեան հետ աղերս ունէր` իմաստութեամբ ապրելու անցաւոր այս կեանքը:

Մեր ժողովուրդը, ինքնին, առանց այլ եւ այլ ապացոյցի, տոկուն ժողովուրդ եղած է, ինչպէս կը հաստատեն մեծ մտաւորական` Յ. Օշական, Ուիլիըմ Սարոյեան եւ ուրիշներ` վկայելով նոյնպէս, որ այս ժողովուրդը իմաստուն է եւ քաղցր ոգի ու նկարագիր  ունեցող ժողովուրդ է` արդարութեամբ եւ իր աշխատասիրութեամբ ապրող:

Լուրջ եւ խորունկ դիտող ու զննող իւրաքանչիւր հայորդի ինքը վկան կրնայ հանդիսանալ այդ  նկարագրային գիծերուն: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը կու գար նկարագրային այդ գիծերը շեշտելու, մարդուն տրուած աստուածային պատկերը հարազատութեամբ կաղապարելու երկրային կեանքին մէջ:

Կ՛ենթադրեմ, որ մեր ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընկալեց ո՛չ միայն որպէս կրօն, հաւատալիքներու փունջ, այլ` որպէս կեանքի կերպ, կեանքը արժեւորելու հնարաւորութիւն տուող վարդապետութիւն: Զայն ընկալեց` որպէս կեանքի դպրոց, ուղեգիծ եւ նպատակակէտ: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ անկէ անմիջապէս ետք հայկական դպրոցներու ցանցը մեր կեանքին մէջ ապացոյցներ են այդ ուղղութեամբ: Անկելանոցներ բանալու, իջեւաններ հիմնելու, աղքատներուն տէր կանգնելու մեծններսէսեան ընթացքը վկայութիւն է այդ ուղղութեամբ:

Անտէր ու անպետութիւն ժողովուրդի մը տէր կանգնելու եւ անոր ուղղութիւն տալու եկեղեցիին ստանձնած ինքնաբուխ դերը ապացոյց է այդ իմաստով:

Իսկ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ առաւել քան մէկ դար իր ժողովուրդին ձագ մայրը հանդիսանալու իրողական երեւոյթը աղաղակող փաստ է այդ ուղղութեամբ:

Եկեղեցականի մը նախապաշարումներէ թելադրուած արտայայտութիւն մի՛ նկատէք այս խօսքերը եւ ոչ ալ` աստուածաշնչական ընթերցումներու արդիւնք: Այլ ասոնք կը բխին` մեր հայրերու մտածումներէն, իմաստութենէն, մեր գրականութենէն, մեր յիշողութենէն:

Պատմական ակնարկ

Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէ ետք, պետական արքունիք ու եկեղեցի միասնաբար եւ միակամօրէն աշխատեցան ու պայքարեցան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան եւ հզօրացման:

– Տրդատ Գ. եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ:
– Վռամշապուհ ու Սահակ կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց:
– Պապ թագաւոր եւ Մեծն Ներսէս կաթողիկոս:

Հետագային եւս այդ գործակցութիւնը շարունկուեցաւ, եւ արքունիքը ո՛ւր որ տեղափոխուեցաւ, հոն հաստատուեցաւ նաեւ կաթողիկոսարանը:

Դ. դարէն սկսեալ Հայոց եկեղեցին, այս պարագային` հայ հոգեւորականը, ո՛չ միայն հետամուտ եւ տէր հանդիսացաւ մեր ընկերային, մշակութային եւ, ինչո՞ւ չէ, քաղաքական եւ այլ կալուածներուն, այլեւ եկեղեցականներ իրե՛նք հիմը դրին հայոց գրականութեան` մատենագրութեան (որոնց ծիլերը կը հասնին մինչեւ Սրուանձտեանց եպիսկոպոս, Խրիմեան Հայրիկ, Դուրեան եւ Գուշակեան եպիսկոպոսներ եւ ասդին), Հայոց պատմութեան, հայկական երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, նկարչութեան, բժշկութեան ու նաեւ գիտութեան: Քաղաքական վերիվայրումներու ընթացքին, պատերազմներու ժամանակ, եկեղեցին իր հոգեւորականներով աշխարհականներու կողքէն չբացակայեցաւ`  սկսեալ Դ. դարէն մինչեւ վերջերս:

Խոսրով թագաւորի եւ Վաչէ Մամիկոնեանի օրերուն Վրթանէս կաթողիկոս անոնց կողքին մնաց եւ առաջին անգամ սրբադասեց հայ նահատակները:

Վարդանանց պատերազմի ընծացքին ծանօթ է եկեղեցիին եւ հոգեւորականութեան կեցուածքը` «Վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց»:

Մուշեղ Մամիկոնեանի վարած պատերազմին Պապ թագաւոր եւ Ներսէս կաթողիկոս կողք կողքի ներկայ էին:

Է. դարուն ծանօթ է Սահակ Ձորափորեցի կաթողիկոսին տարած աշխատանքը, որ չխափանուի հայոց իշխանութիւնը:
Ը. դարուն Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս տքնաջան աշխատանք տարաւ արաբ տիրապետողներու մօտ` փրկելու հայրենիքը:
Թ. դարուն ակներեւ է Աշոտ թագաւորի եւ Զաքարիա Ձագեցի կաթողիկոսին գործակցութիւնը:

Հայ ժողովուրդի ազատագրական դարաւոր պայքարի ընթացքին անուրանալի են եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան տարած աշխատանքն ու դերակատարութիւնը:

ԺԵ.- ԺԸ. դարերուն Սիսի, Աղթամարի եւ ապա Էջմիածնի եւ Գանձասարի կաթողիկոսութիւնները միշտ արծարծ պահեցին հայոց պետականութեան վերականգման երազը եւ դիմեցին նաեւ գործնական քայլերու:  Յիշելի են.

– 1547-ի խորհրդաժողովը` Ստեփանոս Սալմաստեցի կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ,
– Միքայէլ Սեբաստացի եւ ապա Խաչատուր Բ. Զէյթունցի կաթողիկոսներու նախաձեռնութիւնները,
– Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսին կազմակերպած խորհրդաժողովը 1677-ին,
– ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն Եսայի եւ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսներուն ջանքերը,
– Խրիմեան Հայրիկի եւ յաջորդներու տարած աշխատանքները:

Ա. Համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ Հայաստանի անկախութիւն եւ Կիլիկիոյ պարպում, յստակ ու խօսուն դերակատարութիւն ունեցած են` հայ հոգեւորականներ, կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ քահանայ:

Ցեղասպանութենէն ետք ժողովուրդի բեկորներ եւ որբեր ցրուեցան ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ: Եկեղեցին իր վերապրած փոքրաթիւ եկեղեցականներով սկսաւ որբահաւաքի, ինչպէս նաեւ` տարագիր խլեակներ մէկտեղելու աշխատանքի: Հազարաւոր նամակներ կան այդ ուղղութեամբ անցեալ դարու սկիզբէն մինչեւ 40, 50-ական թուականները: Ասոր փաստը` այսօրուան սփիւռքն է` որպէս հայրենիքը զօրացնող ուժ:

Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականին կատարած դերը, այսպէս կոչուած, անպետութիւն երկարատեւ շրջանին:

Այսօր «Շունն ու կատուն» հեքիաթը յիշեցնող  զաւեշտախառն ողբերգութեան մէջ մխրճուած ենք, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս: Համեստօրէն պիտի թելադրէի, որ իշխանաւորները ապաշխարեն, քանի որ կը յայտարարեն, թէ կը սիրեն եկեղեցին ու Աւետարանը եւ զգենուն աստուածադիր պատկերը:

Աստուաշնչական տուեալներով հիմնաւորուած այս խօսքը գրեցի` որպէս սրտցաւ հօր մը պատգամը իր եղբայրներուն եւ զաւակներուն: Հետեւեցէք այս խօսքին, որ շահիք համակրանքը ժողովուրդին եւ վայելէք օրհնութիւնը Աստուծոյ: Ուրիշ ճամբայ չկայ փրկուելու այս քայքայուած եւ քայքայող վիճակէն:

(Շար. 4 եւ վերջ)

***

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)

Նախորդը

Հատտէճեան Ռոպերի Կենսագրական Եւ Մատենագիտութիւն (1926-2025)

Յաջորդը

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.