12 սեպտեմբերին, մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ Հայաստան կը գտնուէր, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին` անոր այցելութեան դէմ:
Ցուցարարներուն միացան նաեւ հանրային ու քաղաքական դաշտի տարբեր ներկայացուցիչներ:
Երիտասարդները բարձրացուցին Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկարները, «Ո՛չ ուրացման» գրութեամբ պաստառներ: Մասնակիցները յայտարարութիւններ կատարեցին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւդալեան ըսաւ, որ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ Հայաստան կը գտնուի Հայաստան-Թուրքիա միջպետական ուղիներու կարգաւորման անուան տակ, սակայն, «բոլորս լաւապէս կը գիտակցինք, որ այս հանդիպումը քաղաքական կողմի նախապայմանները բաւարարելու պարունակին մաս կը կազմէ»:
Ան շեշտեց, որ ասոր վառ ապացոյցը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ այցելութեան ժամանակացոյցն ու օրակարգը գաղտնի պահելն է: «Մենք հոս ենք ըսելու, որ դէմ ենք ուրացման քաղաքականութեան», աւելցուց ան:
Ժ. Աւդալեանի համաձայն, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը 100 տարի առաջ եւ հիմա չէ փոխուած, անոնք պատրաստ չեն Հայաստանի հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան: «Հայաստանի մէջ կայ սերունդ, որ կը պահանջէ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում, ուստի կը յայտարարենք` այս իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած որեւէ պայմանաւորուածութիւն առ ոչինչ է: Ո՛չ ուրացման», եզրափակեց ան:
Մասնակիցները վանկարկեցին` «Ո՛չ ուրացման»:
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Շահանէ Չօբանեան ըսաւ. «Ես Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ընտանիքի սերունդէն եմ: Ո՛չ ես, ո՛չ իմ ծնողներս, ո՛չ ալ իմ սերնդակիցներս կարելիութիւն ունեցած ենք ծնելու մեր պատմական հայրենիքին մէջ: Ասոր միակ մեղաւորը Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործ քաղաքականութիւնն էր եւ անոր ժառանգորդ Թուրքիան: Ասոր մեղաւորը պատմութեան դասերուն չառերեսուիլն է ու այսօր դեռ չչորացած արեան վրայ խաղաղութիւն փորձել հաստատելը»:
ՀՅԴ Երեւան քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան յայտարարեց, որ Քըլըչը Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու չէ եկած, այլ հանդիպելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կիսողներուն հետ: Ըստ անոր` աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ թուրք բանագնացը ոչ միայն Փաշինեանի եւ անոր խումբին հետ հանդիպէր, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի այն հատուածին, որ իրականութիւնը կը ներկայացնէ:





