Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄԱԼ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑ ՄԸՆ ԵՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԱԽՈՂԻ

April 8, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամալ շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ շատ յստակ է, թէ որոշ բացայայտումներ թիրախ կը փորձեն դարձնել Ամալ շարժումը եւ անոր նախագահը:

Հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ վերջերս կարգ մը լրատուամիջոցներ Պըրրիի եւ Ամալ շարժումին դէմ արշաւ մը սանձազերծած են` նպատակ ունենալով ջնջել Ամալ շարժումը եւ նեղցնել Դիմադրութեան միջավայրը:

Ճիշդ այդ նպատակով կարգ մը լրատուամիջոցներ կ՛ուզեն վարկաբեկել Ամալ շարժումը եւ անոր երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ կ՛ուզեն հարուածել անոր քաղաքականութիւնը, դաշնակիցներն ու կարգախօսները:

Ամալ շարժումը շեշտեց, որ բոլոր այս միջոցները եւ հրապարակուած երէկուան տեղեկութիւնները` որոշ օրաթերթի մը կողմէ, քաղաքական խոհանոց մը կը նկատուին եւ մշակուած դաւադրական ծրագիրը անպայման պիտի ձախողի, ինչպէս ձախողած էր նախապէս:

Յայտնենք, որ յուլիսեան պատերազմի հանգրուանին մասին «Ուիքիլիքս»ի կատարած բացայայտումները երէկ անդրադարձած էին Ամալ շարժումի անդամ նախարարներուն ու երեսփոխաններուն կատարած յայտարարութիւններուն, որոնցմէ կը նշենք հետեւեալ օրինակները.

– Նախկին նախարար Մոհամետ Ապտել Համիտ Պայտուն յայտնած է, որ Պըրրիի հարստութիւնը կը հասնի երկու միլիառ տոլարի` աւելցնելով, որ Իրանի կողմէ ան ամսական դրութեամբ կը ստանայ չորս հարիւր հազար տոլար, որուն քառորդը կ՛օգտագործէ իր համակիրներուն օժանդակութեան, իսկ մնացեալը կ՛իւրացնէ:

– Նախկին նախարար Ֆաուզի Սալլուխ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն չի փափաքիր շիի համայնքը լուսանցքայնացնել: Սալլուխ նաեւ առաջարկած է միջնորդել Ֆելթմանի եւ Հըզպալլայի միջեւ, սակայն Ֆելթման մերժած է:

– Երեսփոխան Ալի Օսէյրան Ֆելթմանին ուղղուած նամակներէն մէկուն մէջ նշած է, որ Հըզպալլա ամէն գնով եւ նուիրուածութեամբ պիտի հնազանդի Իրանին:

– Առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ Ֆելթմանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին շեշտած է, որ Հըզպալլա լիբանանցիներուն կեանքը դժոխքի պիտի վերածէ եւ ականուած ինքնաշարժներու պայթումները պիտի վերսկսին, եթէ Սուրիա ձախողի համաձայնութեան մը յանգիլ` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ճշմարտութեան բացայայտումը ստանձնած Միջազգային դատական ատեանին առումով:

– Երեսփոխան Եասին Ժապեր Ֆելթմանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Հըզպալլայէն պահանջած է Ամալ շարժումի պատասխանատուութեան  տակ գտնուող շրջանին մէջ բնակարաններ չկառուցել:

– Ֆելթման. «Նեպիհ Պըրրի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անձնաւորութիւններէն աւելի կ՛ատէ Հըզպալլան եւ կը հաստատէ, որ իսրայէլացի երկու զինուորները առեւանգելու առումով` Հըզպալլա սխալեցաւ Իսրայէլի հակազդեցութիւնը չափելու իր հաշիւներուն մէջ»:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Յաջորդը

ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԸ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ ԻՆՔԶԻՆՔ ԻԲՐԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.