Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսական Անօդաչու Սարքերու Լեհաստանի Օդային Տարածք Մուտքը Կրնայ Սխալմամբ Եղած Ըլլալ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Սեպտեմբեր 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ ռուսական անօդաչու սարքերու Լեհաստանի օդային տարածք մուտքը կրնայ «սխալմամբ» տեղի ունեցած ըլլալ, նոյն ատեն դժգոհութիւն յայտնելով ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան օդային տարածքի ոտնահարման նկատմամբ:

Պատասխանելով երեքշաբթի-չորեքշաբթի գիշեր անօդաչու թռչող սարքերու Վարշաւիոյ կողմէ դիտաւորեալ արարք նկատուած Լեհաստանի օդային տարածք մուտք գործելուն մասին հարցումի մը` Թրամփ լրագրողներուն ըսաւ. «Թերեւս սխալմամբ էր: Սակայն ամէն պարագայի, այս կացութեան մէջ որեւէ բանէ գոհ չեմ»:

Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին այս ենթադրութիւնը` «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրելով. «Մենք ալ կը փափաքէինք, որ Լեհաստանի վրայ անօդաչու սարքերու յարձակումը սխալմամբ ըլլար: Բայց այդպէս չէ: Մենք լաւ գիտենք ատիկա»:

Միւս կողմէ, ան իր համակիրներուն կոչ ուղղեց` «առանց բռնութեան» հակադարձելու իր սերտ դաշնակից Չարլի Քըրքի սպանութեան:

«Ան բռնութեան դէմ կը պայքարէր: Այս ձեւով ալ կ՛ուզեմ մարդիկ հակադարձեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տակաւին ազատութեան մէջ գտնուող զինեալին դրդապատճառներուն մասին «ցուցանիշ մը» ունի, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց:

 

Նախորդը

Այսօր Կը Սկսի Պտտաուի Եւ Այն Հըլուէ Գաղթակայաններէն Զէնքերու Յանձնումը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը 6 Ամիսով Երկարաձգեց Ռուսիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?