Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Քաթարի Վրայ Իսրայէլեան Ինքնագլուխ Յարձակումին Որոշումը Նեթանիահուն Տուաւ, Ոչ Թէ Ես»

September 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումը Նեթանիահուի կողմէ տրուած որոշում մըն էր, ես զայն չտուի»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Քաթարի մէջ ինքնագլուխ ռմբակոծումը ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Ամերիկայի նպատակներուն կը ծառայէ»:

«Ուիթքոֆի թելադրեցի քաթարցիները տեղեակ պահել մօտալուտ յարձակումի մասին, ինչ որ ան ըրաւ, սակայն դժբախտաբար ուշ ըլլալէն ետք: Քաթարը կը նկատեմ հզօր դաշնակից ու բարեկամ մը եւ մեծ ցաւ կը զգամ, որ յարձակումը այնտեղ կատարուեցաւ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Անդրադառնալով Քաթարի իշխանին ու վարչապետին հետ իր հեռաձայնային զրոյցներուն` Թրամփ ըսաւ. «Անոնց վստահեցուցի, Քաթարի հողին վրայ նման բան պիտի չկրկնուի»:

«Նեթանիահուն յարձակումէն ետք ինծի ըսաւ, որ կ՛ուզէ խաղաղութիւն հաստատել, եւ այս ցաւալի դէպքը կրնայ խաղաղութեան առիթ մը ըլլալ», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ .Տի. Վանս իր կարգին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր ամբողջովին յստակացուց, թէ Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն գոհ չէ»:

«Թրամփ չի կարծեր, որ Քաթարի մէջ յարձակումը կը ծառայէ Իսրայէլի կամ մեր շահերուն, ուստի ան եղածէն ուրախ չէ», նշեց Վանս:

«Հակառակ անոր որ հարուած հասցնելու հիմնական որոշումին համաձայն չենք, բայց դրական կողմ մըն ալ կայ», ըսաւ ան:

«Պիտի շարունակենք աշխատիլ գերիներու տունդարձի եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար, կը յուսանք, որ քիչ մը խաղաղութիւն կը հաստատենք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

 

Նախորդը

Լեհաստան Վար Առաւ Ռուսական Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Յաջորդը

Հայաստան Մեծապէս Մտահոգ Է Տոհայի Բնակելի Թաղամասերու Թիրախաւորումով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.