Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ մերժած է Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան երկիրներու զօրքերու տեղակայման կարելիութիւնը` նշելով, որ եթէ եւրոպացի զինուորները պատերազմի ընթացքին այնտեղ յայտնուին, Ռուսիան զանոնք «օրինական զինուորական թիրախներ» պիտի նկատէ: Ան այս մասին յայտարարած է Վլատիվոսթոքի մէջ` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին:
Փութինի համաձայն, պատերազմի աւարտէն ետք Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան ուժերու տեղակայման անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է. «Պատրաստ ենք Ուքրանիոյ հետ վեհաժողովի եւ զայն գումարելու լաւագոյն վայրը Մոսկուան է»: Ան ըսած է, թէ այդպիսի հանդիպում մը «իմաստ չունի», սակայն պատրաստ է զայն կատարելու, եթէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Մոսկուա այցելէ` աւելցնելով, որ ան «100 առ հարիւր անվտանգութեան երաշխիք պիտի ստանայ»:
Քիեւ Ռուսիոյ նախագահի հրաւէրը «անընդունելի» նկատած է` նշելով, որ Զելենսքի պատրաստ է որեւէ պահու հանդիպելու, սակայն ոչ Մոսկուայի մէջ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ իր կարգին նշեց, որ իրենք Զելենսքին Մոսկուա կը հրաւիրեն ոչ թէ «անձնատուութեան», այլ զրոյցի համար:
Փութին իր խօսքին մէջ նշած է. «Տակաւին ոչ ոք լուրջ մակարդակով քննարկած է Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքները»:
Անոր համաձայն, Ռուսիան պիտի յարգէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ համար մշակուող անվտանգութեան երաշխիքները:
«Հաւանական է, որ Քիեւ կ՛ունենայ համաձայնութեան հասնելու քաղաքական կամք: Քիեւ վերջերս բացառեց Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւններու կարելիութիւնը, եւ հիմա անոնք կը խնդրեն նման հաղորդակցութիւնները: Գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ ուքրանական կողմին հետ հիմնական հարցերու շուրջ համաձայնութեան գալ», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:


