Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոս. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

September 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ, Լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ:

Անցեալ տարի աւարտական հանգրուանին, երբ երկու խումբերը յոյս չունէին բարձրանալու Գ. դասակարգ, իրար դէմ մրցեցան, եւ Ղատ Աֆտալ կրցաւ 4-2 արդիւնքով յաղթել «պարտականութեան մրցում»-ին:

Այսօր պատկերը տարբեր է: Երկու խումբերն ալ բարձրացած են Գ. դասակարգ` գրաւելէ ետք իրենց խմբակներուն առաջին դիրքերը, եւ այսօրուան մրցումը պարզապէս Դ. դասակարգի տիտղոսի մրցումն է:

Վստահաբար տարեշրջանը լաւ ձեւով փակելը եւ տիտղոս մը եւս շահիլը շատ աւելի լաւ բան է թէ՛ մարզիկներուն համար, թէ՛ ՀՄԸՄ-ի անունին համար, թէ՛ ալ համակիրներուն առջեւ, եւ կը նմանի տարեշրջանի կարկանդակին վրայի վերջին «զարդ»-ին:

Տղաքը պիտի փորձեն վերջին մրցումին նման առիթ չտալ մրցակիցին եւ մրցումի ազդանշանէն իսկ ճնշել անոր վրայ, որ սխալներ գործէ, եւ օգտուելով անոր սխալներէն ՀՄԸՄ կարենայ կոլեր նշանակել:

Շատ կարեւոր է կարելի եղածին չափ քիչ սխալ գործելը, մանաւանդ որ մրցակից խումբն ալ կոլ նշանակելու մէջ հարց չունի եւ դիւրին կոլեր կրնայ նշանակել ՀՄԸՄ-ի նման:

Համակիրներուն համար տրամադրած են փոխադրակառքեր, որոնք համակիրները պիտի փոխադրեն Ֆանարէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ժամը 14:00-էն սկսեալ:

Կը սպասուին մեծ թիւով համակիրներ, որոնք բոլոր մրցումներուն նման կը գեղեցկացնեն մթնոլորտը եւ տղոց անընդհատ կը քաջալերեն` դառնալով 12-րդ եւ հիմնական մարզիկներէն:

Նախորդը

«Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն». «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` Վաղը

Յաջորդը

Զախարովա. «Ռուսիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Փակումը Կը Նկատէ Արդարացուած` Շրջանին Մէջ Կացութեան Արմատական Փոփոխութեան Պատճառով»

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով
Մարզական

Ուասլ 2026. Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով

September 29, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան

September 29, 2026
Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…
Մարզական

Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.