Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորանոր Մրցանիշներ

Սեպտեմբեր 6, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կարգ մը անձեր չսպասեցին նոր տարուան իրենց քաջագործութիւնները արձանագրելու համար Կինեսի մրցանիշներու գիրքի նոր թիւին մէջ: Ահա՛ անոնցմէ քանի մը հատը:

1.- Փիզզայի «Քինկ Սայզ» հսկայական տուփ մը

Ո՛չ, ձեր տեսած պատկերին մէջ շատ փոքրիկ անձեր չեն, որոնք կը շրջին տուփին շուրջ: Տուփն է, որ հսկայական է: Անոր կողմերը ունին 4 մեթր երկայնք: Այս տուփը հնարած է հանրածանօթ «Եութուպ»-ի դէմքերէն` Սքուիզին, իր ընկերոջ` Միսթըր Վիի անակնկալ մը ընելու համար: Այս վերջինը իր անձնական վաճառանիշին տակ փիցցա մը շուկայ իջեցուցած է: Սակայն, որպէսզի այս տուփին մրցանիշի արձանագրութիւնը վաւերացուի, պէտք է, որ ան բացուի եւ գոցուի փիզզայի իսկական տուփի մը նման: Եւ այս վաւերացումին համար Անգլիայէն յատուկ դատաւոր մը եկած է:

Այս ձեւով, արձանագրուեցաւ աշխարհի ամէնէն մեծ փիզզայի տուփի նոր մրցանիշը: Անշուշտ, հիմա պէտք է գործի լծուիլ, այդ տուփին չափին համապատասխան փիզզան շինելու համար:

2.- Մրցանիշներու պարը

Երբեմն, յատկապէս մեծ հաւաքոյթներու ընթացքին, անխուսափելի է, յանկարծ կը լսուի բոլորին հանրածանօթ «բադերու պարին» եղանակը, եւ բոլորը խանդավառ կը մասնակցին այս խմբային պարին:

Այս ձեւով այս տարի արձանագրուեցաւ այս խմբային պարին մասնակցողներու նոր մրցանիշ մը: Ան տեղի ունեցաւ ֆրանսական գիւղերէն մէկուն մէջ, ուր հաւաքուեցան դեղին հագած 1479 անձեր. անոնք` այս պարին հանրածանօթ շարժումները կատարելով եւ զուարճալի երգին եղանակին հետեւելով արձանագրեցին այս պարը պարողներու ամէնէն մեծ թիւը, շատ հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

3.- Ծանօ՞թ ես Սմըրֆներուն

Այս կապոյտ մորթով եւ ճերմակ գլխարկով ու տաբատով փոքրիկ կերպարները Շթրումֆ անունով ճանչցուած են ֆրանսախօս շրջաններուն մէջ: Պելճիքացի գծագրիչ Փեյօ այս փոքրիկ կապոյտ կերպարները ստեղծած է 1958-ին: Ժամանակի ընթացքին անոնք հանրածանօթ դարձած են ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ ստեղծած նաեւ տարբեր անուններ, ինչպէս «Սմրֆ», «Սանֆուր», «Փիթօքու», «Շլումֆէ»,  «Փուֆֆի»… Անցեալ գարնան 3039 անձեր հաւաքուած են իբրեւ «Շթրումֆ» ծպտուած` Ֆրասայի Պրըթայնի շրջանին մէջ, արձանագրելու համար «Շթրումֆներու» ամէնէն մեծ համախումբի մրցանիշը: Կարծէք կապոյտ եւ ճերմակ հսկայական ալիք կը ծածկէր հրապարակը: Նախորդ մրցանիշը արձանագրած էր գերմանական Լոխրինկըն քաղաքը, ուր հաւաքուած էին «միայն» 2762 «Շթրումֆներ»:

4.- Աշխարհի ամէնէն երկար «ֆրէզիէ» կարկանդակը

Անոր երկանքը կը հասնի 121 մեթրի, այսինքն` նոյնիսկ ֆութպոլի դաշտէ մը աւելի մեծ մայիս ամսուն է, որ մօտաւորապէս քսան ծաղարարներ (կարկանդակի մասնագէտ խոհարարներ) հաւաքուած են Փարիզի մօտ Արժանթըլ շրջանին մէջ շինելու համար այս հսկայական կարկանդակը: Անոր պատրաստութեան համար գործածուած է 350 քիլօ պտուղ, 150 քիլօ շաքար, 415 քիլօ քրէմ եւ 4000 հաւկիթ:

Սակայն մրցանիշ արձանագրելու համար, պէտք է, որ այս «ֆրէզիէ»-ի պատրաստութիւնը յարգէ այս կարկանդակին աւանդական խոհագիրը: Այսինքն անոր հասակը եւ լայնքը նուազագոյնը 8 սմ պէտք է  ըլլան: Եւ անշուշտ, այս հսկայական կարկանդակը պարզապէս իբրեւ տեսք չմնաց, այլ մաս մը բաժնուեցաւ շրջանի բնակիչներուն, իսկ մնացած բաժինը տրուեցաւ հրշէջներուն եւ տարբեր բարեսիրական կեդրոններու:

Ճափոնը` Հրախաղերու Ախոյեան

Ֆրանսական Քան քաղաքը միայն ծանօթ չէ իր ժապաւէններու փառատօնով:

1967 թուականէն ի վեր, ամէն ամառ հոն տեղի կ՛ունենայ Փայրոթեքնիք արուեստի փառատօնը, որուն ընթացքին մասնակցող խումբերը կը ներկայացնեն եղանակներու կշռոյթով յղացուած սքանչելի հրախաղեր: Ամէն տարի այս փառատօնին ներկայ կը գտնուին աւելի քան 700 հազար հանդիսատեսներ:

Օգոստոսի վերջաւորութեան աւարտեցաւ այս տարուան փառատօնը, որուն մասնակցած էին տարբեր երկիրներէ 5 խումբեր: Ինչպէս ամէն տարի, մասնակցողները իրենց ստեղծագործութիւնները պէտք է յղանային տրուած թեմայի մը շուրջ` ստեղծելով ոչ միայն պարզ հրախաղեր, այլ նաեւ հեքիարային մթնոլորտ մը, ուր բեմադրութիւնը իրարու հետ կը հիւսէ ստեղծագործութիւն մը արհեստագիտութեան եւ գեղեցկութեան համադրումով:

Ճափոնական «Իքեպան» խումբը, որ այս արուեստի մարզին այս է 120 տարիներէ ի վեր, այս տարուան ախոյեան հանդիսացաւ:

Յիշենք, թէ Ճափոնի մէջ հրախաղը, որ հանապի կը կոչուի, մաս կը կազմէ ամառնային տարբեր աւանդութիւններուն: Ան կը ներկայացնէ խաղաղութիւնը եւ միութիւնը:

Սեպտեմբեր Ամսուան Մասին

– Գիտէի՞ր, թէ սեպտեմբեր ամսուն անունը եկած է լատիներէն «Սեփթեմ» բառէն, որ կը նշանակէ եօթը: Սեպտեմբերը հռոմէական օրացոյցին մէջ եօթներորդ ամիսն էր:

– Սեպտեմբեր ամսուան երկրագունդին ամէնէն մօտ գտնուող մոլորակը Արուսեակն է:

– Սեպտեմբեր ամսուն է, որ կը սկսի Մոնարք թիթեռնիկներու մեծ գաղթը դէպի հարաւ: Տարին երկու անգամ, մէկ կրամ նուազ կշռող այս միլիոնաւոր թիթեռնիկները ամերիկեան ցամաքամասին վրայ աւելի քան 4000 քմ կը կտրեն, օգոստոսին մինչեւ հոկտեմբեր` դէպի հարաւ, յատկապէս Մեքսիքոյի շրջանը, իսկ գարնան դէպի հիւսիս:

– Սեպտեմբերին է, որ հեռաւոր արեւելքէն բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս` Չինաստան եւ Ճափոն, կը տօնեն Սեպտեմբերի Լուսինի փառատօնը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ լուսնային 8-րդ ամսուան 5-րդ օրը, երբ լուսինը լման եւ փայլուն կ՛ըլլայ: Այս տօնը առիթ է ընտանիքներուն համար հաւաքուելու յատուկ անուշեղէններու շուրջ լապտերներու լոյսին տակ: Այս տարի սակայն, այս Աշնանային կիսու տօնը կը զուգադիպի հոկտեմբեր 6-ին:

– 21 սեպտեմբերին հայութիւնը կը տօնէ Հայաստանի վերանկախացումը, որ տեղի ունեցաւ 1991-ին:

– Չմոռնանք նաեւ, որ սեպտեմբեր 21-ը նշուած է Միջազգային Խաղաղութեան օր, որուն նպատակն է քաջալերելու խաղաղութիւնը եւ գործելու բռնութեան դէմ:

– Վերջապէս, սեպտեմբեր ամսուն առաջին շաբաթ օրը կարելի է շնորհաւորել բոլոր մօրուքաւորներուն, որովհետեւ ան Աշխարհի Մօրուքի օրն է:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տուփին մէջ պահուած թիւերը` վարի թիւերուն համապատասխան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Մուշեղ Գարավարդանեանին «Սթուտիօ Գարամուշ»-ը Պուրճ Համուտի Արաքս Փողոցին Մէջ

RelatedPosts

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ
Մանկապատանեկան

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2025
Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?